Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան Պարգեւատրուեցաւ «Լապիպ Մատանաթ» Մրցանակով
Արաբական ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութեան խնամակալ մարմինը ուրախութեամբ կը տեղեկացնէ, որ իր ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան, Հինգշաբթի 17 Հոկտեմբեր 2024-ին պարգեւատրուած է «Լապիպ Մատանաթ»-ի յիշատակին յատկացուած մրցանակով:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ հաստատուած միջազգային Strategic Resource Group (SRG) քրիստոնէական կազմակերպութեան կողմէ հիմնուած այս մրցանակը կը միտի պարգեւատրել անհատներ, որոնք իրենց կեանքով եւ գործունէութեամբ կը սատարեն իրենց շրջանակներու հոգեւոր, ընկերային եւ մշակութային բարգաւաճումին: Մրցանակաբաշխումը տեղի ունեցաւ Նետերլանտներու Ամսթերտամ քաղաքին մէջ: Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան այս մրցանակին արժանացաւ Միջին Արեւելքի եւ Արաբական ծոցի երկիրներուն մէջ Աստուածաշունչի առաքելութեան վերաբերող իր երկար տարիներու բազմաբեղուն գործունէութեան համար:
Լապիպ Մատանաթ` յորդանանցի-պաղեստինցի Աստուածաշունչի գործիչ է, որ մեծապէս սատարած է հոգեւոր, ընկերային եւ բարեսիրական գործունէութիւններու ծաւալման` համերաշխութեան եւ երկխօսութեան սատարելուն համար: Ան մահացաւ 2021-ին, եւ այս մրցանակը հիմնուեցաւ յարգելու եւ վառ պահելու համար իր գործունէութիւնն ու յիշատակը: Պարգեւը անօթ մըն է` ճափոնական մշակութային «Kintsugi» արուեստի նմուշ մը: Այդ փշրուած ամանի մը կտորները, որոնք ի մի կը բերուին ոսկեայ գիծերով եւ վերամիանալով` կը խորհրդանշեն փշրուած ու վիրաւոր կեանքեր վերանորոգելու իրականութիւնը:
Շնորհաւորութիւններ դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանին` այս պարգեւատրումին համար, եւ նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք:
ԽՆԱՄԱԿԱԼ ՄԱՐՄԻՆ
ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԾՈՑԻ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ