COP29-ը Բացառիկ Հնարաւորութիւն է Պահանջելու 23 Հայ Պատանդներու Անվերապահ Ազատ Արձակումը․ WCC
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը (The World Council of Churches, WCC) կը հրաւիրէ «բարի կամքի բոլոր մարդոց»՝ Նոյեմբեր 10-ին՝ ազրպէյճանի մէջ COP29 կլիմայի շուրջ բանակցութիւններու բացման նախօրէին, միանալու Հայաստանի համար աղօթքի օրուան։ WCC-ն պիտի կազմակերպէ տեղական աղօթքի արարողութիւն Ժընեւի Սուրբ Փիեռ տաճարին մէջ՝ հայ համայնքին հետ համագործակցութեամբ:
Կը նշուի, թէ 2020 թուականի Սեպտեմբեր-Հոկտեմբեր ամիսներուն Արցախի Հանրապետութեան դէմ ռազմական յարձակումը, որուն յաջորդած է Լաչինի միջանցքի տասը ամիս տեւողութեամբ շրջափակումը եւ 2023 թուականի Սեպտեմբերին շուրջ 120,000 հայերու բռնի տեղահանումը իրենց պապենական հողերէն, կը շարունակէ մտահոգիչ ըլլալ։
Խորհուրդը կ՝ընդգծէ, որ COP29-ը բացառիկ հնարաւորութիւն է պահանջելու 23 հայ պատանդներու, ինչպէս նաեւ ազրպէյճանական բանտերու մէջ կալանաւորուած ազրպէյճանցի քաղբանտարկեալներու եւ լրագրողներու անվերապահ ազատ արձակումը։