թուրքիոյ Մէջ՝ Հայոց Ցեղասպանութիւն Բառերուն Օգտագործման Համար Ձայնասփիւռի Կայանի Մը Հեռարձակումը Կասեցուեցաւ

Աշխարհ

թուրքիոյ մէջ գործող ձայնասփիւռի կայանի մը գործունէութիւնը կասեցուեցաւ՝ եթերէն հնչած Հայոց Ցեղասպանութիւն բառերուն համար: Այս մասին կը հաղորդէ «ԱՍՊԱՐԷԶ»-ը։

թուրքիոյ զանգուածային լրատուամիջոցները կարգաւորող գերատեսչութիւնը առկախեց Պոլսոյ մէջ գործող կայանին հեռարձակման արտօնագիրը՝ այդ լրատուամիջոցի եթերէն հիւրին Հայոց Ցեղասպանութեան մասին արտայայտած խօսքին համար: Կը նշուի, որ լրատուամիջոցին զրուցակիցը օգտագործեց «ցեղասպանութիւն» եզրոյթը, զոր թուրքիա պաշտօնապէս կը մերժէ:

«Հեռարձակման 30-ամեակին միայն մէկ ամիս մնացած է, եւ այս լուրը վերջին հարուածն է թուրքիոյ մէջ խօսքի եւ լրատուամիջոցներու ազատութեան»,- յայտարարեց Acik Radyo-ի խմբագրական կազմը:

Աւելի կանուխ, թուրքիոյ ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի ոլորտին հսկող RTUK-ը հինգ օրով հեռարձակումէ զրկած էր Acik Radyo-ն՝ նոյն՝ Հայոց Ցեղասպանութիւն յայտարարութիւնը որակելով «ատելութեան հրահրում»:

Գերատեսչութիւնը լրատուամիջոցին գործունէութիւնը արգիլեց՝ պնդելով, որ ձայնասփիւռի կայանը ոչ մէկ ձեւով փորձեց «ուղղել հիւրին խօսքերը, որոնք ատելութիւն եւ թշնամանք կը հրահրեն»:

«Արտօնագիրի չեղարկումը, անկախ պատճառէն, միանշանակ փորձ է լռեցնելու հանրային ձայնը»,- յայտարարեց Acik Radyo-ի համահիմնադիր եւ գլխաւոր խմբագիր Օմեր Մատրան: