
Գագիկ Գասպարեանը Հայկական Մշակոյթը Կը Հանրահռչակէ Եւրոպական Տաճարներուն Մէջ
Արժանթինաբնակ երաժիշտ, Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան Պուէնոս Այրէսի մասնաճիւղի պատուաւոր անդամ Գագիկ Գասպարեան, հաւատարիմ մնալով իր առաքելութեան, տասնչորս ելոյթներով կը մեկնի եւրոպական շարք մը երկիրներ` օտար հանդիսատեսին հայկական բազմադարեան մշակոյթը ծանօթացնելու նպատակով: Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է ՀԲԸՄ Պուէնոս Այրէսի մասնաճիւղը:
Գագիկ Գասպարեան տուտուկի կատարումներով հայկական հնագոյն հոգեւոր երաժշտութիւնը պիտի ներկայացնէ Սպանիոյ, Հոլանտայի, Յունաստանի հռչակաւոր տաճարներուն մէջ: Ելոյթ կը նախատեսուի նաեւ Կ.Պոլսոյ հայաշատ Ֆերիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ:
Երաժշտական ցանկին մէջ ընդգրկուած են Ներսէս Շնորհալիի, Գրիգոր Նարեկացիի, Կոմիտասի, Մխիթար Այրիւանեցիի, Մակար Եկմալեանի, Առնօ Բաբաջանեանի ստեղծագործութիւնները, պիտի հնչէ նաեւ եւրոպական հոգեւոր երաժշտութիւն:
Գլխաւոր համերգը տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբեր 23-ին` Պարսելոնայի Սագրատա Ֆամիլիա պատմական տաճարին մէջ:
Այս առնչութեամբ ՀԲԸՄ Պուէնոս Այրէսի մասնաճիւղի ատենապետ Անթոնիօ Սարաֆեան Պարսելոնայի մէջ արդէն հանդիպած է Սագրատա Ֆամիլիայի տնօրէն Արքեպիսկոպոս Խոսէ Մարիա Տուրուլի հետ` համերգներու մեկնարկէն առաջ քննարկելու կազմակերպչական եւ յետագայ գործակցութեան հեռանկարային հարցեր:
Տիեզերական համերգները երաժիշտը կը նուիրէ համամարդկային խաղաղութեան: Բոլոր համերգներուն մուտքը ազատ է:
Այս նախաձեռնութիւնը կեանքի կը կոչուի ՀԲԸՄ Պուէնոս Այրէսի մասնաճիւղի (նախագահութեամբ Անոթնիօ Սարաֆեանի), Սպանիոյ բարեփոխուած եպիսկոպոսական եկեղեցւոյ եւ կաթոլիկ ծուխերու համատեղ ջանքերով:
Գագիկ Գասպարեանի գործունէութեան առանցքը օտարներու մօտ հայկական մշակոյթը տարածելն է: Այդ նպատակով ան բազմաթիւ համերգներ ունեցած է օտար հանդիսատեսի համար, տարբեր բեմերու վրայ` հանրահռչակելով հայ ժողովուրդի հարուստ երաժշտարուեստը տուտուկի միջոցով:
Գագիկ Գասպարեանի տուտուկի կատարումները կը հնչեն նաեւ լատինամերիկեան, գանատական եւ եւրոպական շարք մը ֆիլմերու մէջ, հեռուստաեթերներով, անոր նախաձեռնութեամբ արժանթինական թերթերուն մէջ յօդուածներ լոյս կը տեսնեն հայկական բազմադարեան մշակոյթին մասին:
Գագիկ Գասպարեան աշխարհի տարբեր երկիրներէ ունի բազմաթիւ օտար ուսանողներ, որոնց առցանց կը դասաւանդէ տուտուկ, ինչպէս նաեւ կը կազմակերպէ վարպետութեան դասեր: