
Հայաստանի եւ ազրպէյճանի Միջեւ Պետական Սահմանի Սահմանազատման Գործընթացին Մասին․ Յայտարարութիւն
Հայաստանի կառավարութիւնը Սահմանադրական դատարան ներկայացուցած է Հայաստանի եւ ազրպէյճանի միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման հարցերով երկու երկիրներու յանձնաժողովներու համատեղ գործունէութեան մասին կանոնակարգը (այսուհետ՝ Կանոնակարգ)՝ Սահմանադրութեան վերջինիս համապատասխանութիւնը որոշելու համար։
Անհրաժեշտ է ընդգծել․
1. Որպէս պետական սահմանի սահմանազատման գործընթացի հիմնարար սկզբունք յայտարարուած 1991 թ․ Ալմա Աթայի հռչակագիրը չի նկարագրեր ԱՊՀ-ին անդամակցող երկիրներու սահմանները, չի պարունակեր Խորհրդային նախկին հանրապետութիւններու վարչական սահմաններուն վերաբերող որեւէ յղում: Իբրեւ փաստարկ բերուող այն հանգամանքը, որ սոյն հռչակագրով կողմերը կը ճանչնան միմեանց տարածքային ամբողջականութիւնը, էական չէ, քանի որ այս սկզբունքը ամրագրուած է թէ՛ ՄԱԿ կանոնադրութեան մէջ, թէ ԵԱՀԿ Հելսինկիի եզրափակիչ ակտին եւ այլ միջազգային հիմնարար իրաւական փաստաթուղթերու մէջ, որոնց կողմ կը հանդիսանան Հայաստանն ու ազրպէյճանը: Սակայն այս պարտաւորութեան ստանձնումը որեւէ կերպ չէ կաշկանդած ազրպէյճանը ներխուժելու Հայաստանի Հանրապետութեան տարածք: Հետեւաբար, Ալմա Աթայի հռչակագրի յիշատակումը որեւէ կերպ չի զսպեր ազրպէյճանական յարձակումները: Առաւել եւս, երբ կանոնակարգը կը նախատեսէ ապագային հիմնարար սկզբունքի փոփոխականութեան հնարաւորութիւն:
2. Կանոնակարգին մէջ առկայ են ձեւակերպումներ, որոնք էական վտանգներ կը պարունակեն Հայաստանի համար։ Մասնաւորապէս՝ սահմանի հատուածական սահմանազատումը, վէճերու լուծման կարգի բացակայութիւնը եւ այլն։
3. ՀՀ իշխանութիւնները կը պնդեն, որ սահմանազատման հիմք ծառայած է ԽՍՀՄ ԶՈՒ գլխաւոր շտապի 1976-78 թթ․ կազմուած եւ 1979 թ․ հերթապահութեան անցած քարտէզը, որմով կ՝ուրուագծուէին ԽՍՀՄ միութենական հանրապետութիւններու վարչական այն սահմանները, որոնք հանդիսացած են «Խորհրդային Միութեան փլուզման պահի դրութեամբ գոյութիւն ունեցող իրաւաբանօրէն հիմնաւորուած միջհանրապետական սահման»։ Սակայն Կանոնակարգի թուղթին մէջ այդ քարտէզին որեւէ յղում չկայ։
Ըստ այդմ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը կ՝արձանագրէ․
1. Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ազրպէյճանի հանրապետութեան միջեւ միջպետական սահմանի սահմանազատման համար ելակէտային սահմանը, այսինքն՝ այն աշխարհագրական ուրուագիծը (սահմանը), որ կը ներպարփակէ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքը, պէտք է յստակ սահմանուած եւ նկարագրուած ըլլայ ՀՀ օրէնսդրութեամբ։ Սահմանազատման իբրեւ արդիւնք այդ ուրուագիծին փոփոխութիւնը ենթակայ է հաստատման՝ հանրաքուէի միջոցով։ Հակառակ պարագային Կանոնակարգը ենթակայ է հանրաքուէով հաստատման:
2. Սահմանազատման հիմնարար սկզբունքները պէտք է գործեն սահմանի իւրաքանչիւր հատուածի համար։ Այլապէս՝ սահմանի իւրաքանչիւր հատուածի վրայ ազրպէյճանը կրնայ պարտադրել այնպիսի կամայական «հիմքեր», որոնք բացառապէս պիտի ծառայեն ազրպէյճանական շահերուն։
3. Սահմանազատման ժամանակ պէտք է գործէ «ոչինչ համաձայնեցուած է, եթէ ամէն ինչ համաձայնեցուած չէ սկզբունքը»։ Այսինքն՝ որեւէ հատուածի սահմանազատում չի կրնար վերջնական համարուիլ, քանի դեռ չէ նկարագրուած ամբողջ սահմանը:
4. Սահմանազատման գործընթացի արհեստական ձգձգումը, սահմանազատման շուրջ եղած տարաձայնութիւնները որպէս պատերազմի պատճառ օգտագործելը բացառելու նպատակով՝ յստակ պէտք է նշուի, թէ ինչպէս պիտի կարգաւորուին սահմանազատման գործընթացին մէջ յառաջացած սահմանային վէճերը։
5. Կանոնակարգը կ՝անտեսէ ազրպէյճանի շահերէն չբխող միջազգային լաւագոյն փորձը, կ՝անտեսուին այն իրաւական հիմքերը, որոնք կ՝ամրագրեն Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային շահերը: Կանոնակարգը հիմքեր կը ստեղծէ յետագայ միակողմանի զիջումներու համար:
Առ այդ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը հակասահմանադրական կը համարէ նման փաստթուղթի գոյութիւնը, եւ հետեւաբար անիկա ենթակայ չէ Ազգային ժողովին կողմէ ընդունման:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմին
24.09.2024 թ.