
Հայաստանի Անկախութեան Տօնին Պելճիքայի Ռոսելար Քաղաքին Մէջ Հայկական Խաչքար Բացուեցաւ
Պելճիքայի Ռոսելար քաղաքին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 33-րդ տարեդարձի օրը տեղաբնակ Խաչատուրեան ընտանիքին նախաձեռնութեամբ, տեղի հայ համայնքին եւ քաղաքային իշխանութիւններուն աջակցութեամբ տեղի ունեցած է հայ եւ պելճիքացի ժողովուրդներու բարեկամութիւնը խորհրդանշող խաչքարի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը։
Armenpress.am-ի փոխանցած տեղեկութիւններով՝ երկու երկիրներու բարեկամութեան ու համագործակցութեան նուիրուած խաչքարի բացման ներկայ եղած են քաղաքային իշխանութեան բազմաթիւ ներկայացուցիչներ, Պելճիքայի մէջ Հայաստանի փոխդեսպան Վարդան Սարգսեանը, համայնքային ներկայացուցիչներ։
Փոխդեսպան Վարդան Սարգսեան նշած է, որ խաչքարը հայ ժողովուրդին համար դարերով ունեցած է համախմբող դեր եւ հանդիսացած է ինքնութեան անբաժանելի մաս։
«Հայ ժողովրդի հազարամեակների պատմութեան ընթացքում Հայաստանում եւ ամբողջ աշխարհով մէկ սփռուած հայութեան գիտակցութեան մէջ խաչքարը հանդիսացել է սեփական կրօնի, մշակոյթի, արժէքների եւ տոկունութեան իւրայատուկ մարմնաւորումը։ Յատկանշական է, որ հենց այս օրերին մէկ տարի առաջ Արցախի վրայ յարձակումից, շուրջ 120 հազար արցախահայութեանն էթնիկ զտման ենթարկելուց եւ հայրենազրկելուց յետոյ, հիմա էլ ականատես ենք լինում Արցախի հոգեւոր եւ մշակությաին ժառանգութեան վերացման, այդ թւում՝ հայկական խաչքարերի ոչնչացման ազրպէյճանական քաղաքականութեանը, որի նպատակը հայկական հետքն ու հազարամեայ ներկայութիւնը ջնջելն ու հայի ստեղծագործ ոգին կոտրելն է»,– ըսած է Վարդան Սարգսեան, աւելցնելով, որ բարեկամ Պելճիքայի մէջ, Ռոսելարի հիւրընկալ հողին վրայ, գեղատեսիլ այս պուրակին մէջ հայկական խաչքարի տեղադրումը երկու ժողովուրդներու բարեկամութեան, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդի արարչական ոգիի կարեւոր դրսեւորում է, որ կը վկայէ նաեւ փոխադարձ համակրանքի եւ ընդհանուր արժէքներու վրայ հիմնուած երկու ժողովուրդներու կապերու առաւել ամրապնդման եւ խորացման պատրաստակամութիւնը։