Արցախեան Իրադարձութիւնները «Ընդունելի Ցեղասպանութեան» Նոր Դարաշրջանի Սկիզբը Դարձան. Լեմքինի Հիմնարկ

Աշխարհ, Հայաստան

Մէկ տարի առաջ Արցախի մէջ սկսաւ Ցեղասպանութիւնը: Այնուհետեւ, ազրպէյճանը 10-ամսեայ դաժան շրջափակումէն ետք ներխուժեց 3000-ամեայ հայկական տարածք եւ փաստացի Արցախ պետութիւն (Լեռնային Ղարաբաղ): Ասոր մասին ըսուած է Լեմքինի Ցեղասպանութեան կանխարգիլման հիմնարկի յայտարարութեան մէջ։

ազրպէյճանը սպաննած է հարիւրաւոր հայեր եւ բռնի տեղահանած մնացած բնակչութեան գրեթէ 100%-ը։ Պաշարումն ու ներխուժումը կը բնութագրուէին համաշխարհային գերտէրութիւններու, ներառեալ Միացեալ Նահանգներու, սոսկալի լռութեամբ, ինչպէս նաեւ տարբեր քաղաքական առաջնորդներու եւ միջազգային կառոյցներու ապշեցուցիչ անգործութեամբ՝ ատով սկիզբ դնելով «ընդունելի ցեղասպանութեան» նոր դարաշրջանին:

Լեմքինի հիմնարկը հանդէս կու գայ ցեղասպանութեան իբրեւ արդիւնք տեղահանուածներու իրաւունքներու պաշտպանութեան օգտին։ Այդ իրաւունքներէն մէկը իրենց տուներ վերադառնալու իրաւունքն է: Միւս իրաւունքն ալ ինքնորոշումն է՝ իրենց խումբի համար՝ սեփական պապենական հողի վրայ: Մենք կը մերժենք գերտէրութիւններու միջեւ ձեւաւորուող համաձայնութիւնը, որմով մենք պէտք է ապրինք աշխարհի մը մէջ, ուր ցեղասպան պետութիւններն ու կազմակերպութիւնները կը գործեն բացարձակապէս անպատիժ:

Մէկ անգամ եւս կոչ կ՝ընենք մեղաւորները միջազգային պատասխանատւութեան ենթարկելու դաժան յանցագործութիւններու համար, անյապաղ ազատ արձակելու ազրպէյճանի մէջ պահուող բոլոր հայ բանտարկեալները ու պաշտպանելու հայ ժողովուրդի քաղաքական, մշակութային եւ մարդկային իրաւունքները։

Լռութիւնն ու անգործութիւնը պէտք չէ յաղթանակ տանին: Անչափ կարեւոր է, որ միջազգային դերակատարները քաջութիւն գտնեն կոչ ընելու դադրեցնելու անպատժելիութիւնը, որմէ կ՝օգտուի ազրպէյճանը: