
Հոգեհանգստեան Կարգ Սեպտեմբերեան Դէպքերու Տարելիցին. ՀԱՍԵ Արցախի Թեմ
Ս.թ. Սեպտեմբեր 19-ին ժամը 13:00-ին Երեւան քաղաքի Կոմիտաս փողոցի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ պիտի կատարուի հոգեհանգստեան կարգ՝ 2023 թուականի Սեպտեմբեր 19-ին ազրպէյճանական ռազմական յարձակման հետեւանքով նահատակուած ու Սեպտեմբեր 25-ին Ստեփանակերտ-Ասկերան ճանապարհի քարիւղի մթերքի պահեստին մէջ տեղի ունեցած պայթիւնին հետեւանքով զոհուած մեր հայրենակիցներու հոգիներու խաղաղութեան համար:
Կոչ կ՝ընենք միահամուռ կերպով մեր աղօթքները վերառաքենք Ամենակարող Տիրոջ, որ Ան խաղաղութիւն տայ ննջեցեալներու հոգիներուն ու մխիթարութիւն բերէ անոնց ընտանիքներուն եւ մեր ազգին` մեր ունեցած կորուստներուն համար:
ՅԻՇԱՏԱԿՆ ԱՐԴԱՐՈՑ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՄԲ ԵՂԻՑԻ