Լօրա Ֆրիտմըն Հայ Գերիները Ազատ Արձակելու Կոչ Կ՛ընէ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Լօրա Ֆրիտմընի նախաձեռնութեամբ՝ նամակ մը յղուեցաւ Ատրպէյճանի մէջ տեղի ունենալիք ՄԱԿ-ի կենսոլորտի պաշտպանութեան COP29 ժողովին մասնակցող Քալիֆորնիոյ բնական հարստութիւններու նախարար Ուէյտ Քրոֆութին, որպէսզի ժողովին ընթացքին լուսարձակի տակ առնէ Արցախի մէջ տեղի ունեցած ցեղասպանութիւնը եւ պաքուէն հաշուետուութիւն պահանջէ։

Նամակին մէջ կը պահանջուի յատկապէս ապահովել պաքուի կողմէ անօրինաբար պահուող 23 հայ գերիներու եւ մօտաւորապէս 250 ազրպէյճանցի այլախոհներուն անյապաղ ազատ արձակումը։

Նամակին տակ ստորագրած են նաեւ Քալիֆորնիոյ Հայկական օրէնսդրական համախմբումի անդամներ Պապ Արչուլեթա, Ուինտի Քարիօ, Մայք Ֆոնկ, Էնթընի Փորթանթինօ, Լուզ Ռիվազ, Միկել Սանթիակօ եւ Ռիք Չաւեզ Զպուր։  

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Օշին Յարութիւնեան եւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ողջունեցին Ֆրիտմընի այս նախաձեռնութիւնը։

ազրպէյճանի մէջ տեղի ունենալիք COP29-ի ընթացքին Արցախի հարցը լուսարձակի տակ պահելու համար Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին տարած գործունութեան ծանօթանալու համար այցելել կայքը։

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին զօրակցութեամբ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ ընտրուած Ֆրիտմըն ներկայիս թեկնածու է Ներկայացուցիչներու տան ընտրութիւններուն, լեցնելու համար Էտըմ Շիֆի թափուր ձգած աթոռը։ Յիշեցնենք, որ Շիֆ կը մասնակցի Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի ընտրութիւններուն եւ ապահոված է Հայ Դատին զօրակցութիւնը։