ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի ՔՈՓ29-ի Վերաբերեալ Հաղորդագրութիւնը` Լիբանանեան, Սէուտական, Էմիրաթական Եւ Եգիպտական Կայքերու Վրայ
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի մարմինը երէկ լիբանանեան լրատուամիջոցներու յղեց պաքուի մէջ ՔՈՓ29-ի խորհրդաժողովին վերաբերեալ հաղորդագրութիւն մը` նշելով, որ կենսոլորտի փոփոխութեան ՄԱԿ-ի 29-րդ խորհրդաժողովը տեղի պիտի ունենայ «երկրի մը մէջ, որ տակաւին վերջերս ցեղային զտում գործեց Արցախի բնիկ հայ ժողովուրդին դէմ: ազրպէյճանը սովի մատնելու, ռմբակոծման, չհրահրուած յարձակումի եւ վախի մթնոլորտի տարածման ճամբով ցեղասպանական արշաւ վարած է»:
Հայ Դատի մարմինը անդրադարձաւ նաեւ հայ պատանդներու եւ արցախահայութեան տունդարձի իրաւունքին` յայտնելով. «Հայ պատանդներու եւ պատերազմական գերիներու պաքուի բանտերուն մէջ պահուիլը ուժեղ զգուշացում մըն է անոնց, որոնք կը մտածեն կիրարկել միջազգային օրէնքով ամրագրուած վերադարձի իրենց իրաւունքը: Ուստի ազրպէյճանի կողմէ Նոյեմբերի ձեռնարկին «Խաղաղութեան ՔՈՓ» պիտակաւորումը զզուելի է եւ ցնցիչ, որովհետեւ կը նպատակադրէ ջատագովել նախայարձակումի եւ ցեղասպանութեան ճամբով խաղաղութեան հաստատման գաղափարը»:
Հայ Դատի մարմինը նշեց. «Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութիւնը 2 Սեպտեմբեր 2024-ին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը` յայտարարելով, թէ Սեպտեմբեր եւ Հոկտեմբեր 2023-ին պաշարումի եւ ռմբակոծման ճամբով հայերու բռնի տեղահանումը ցեղային զտում էր: Ան ազրպէյճանի կառավարութեան կոչ ուղղեց` ազատ արձակելու ապօրինաբար ազրպէյճանական կալանաւորման մէջ պահուող հայերը, նաեւ միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց` որդեգրելու պատշաճ քայլերը երաշխաւորելու համար Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած հայերուն տունդարձի իրաւունքն ու անվտանգութիւնը, ինչպէս ընդգծուած էր Արդարադատութեան միջազգային դատարանի 17 Նոյեմբեր 2023-ի միջանկեալ քայլերու որոշումին մէջ:
«ՔՈՓ29-ը կենսոլորտի փոփոխութեան կեղծ խորհրդաժողով մըն է, որովհետեւ կը գումարուի երկրի մը մէջ, որ կը գտնուի կենսոլորտի փոփոխութեան դէմ պայքարին հակադիր կողմին մէջ եւ այդ փոփոխութեան ուժեղ կերպով սատարող պետութիւններէն մէկն է: Անիկա խորհրդաժողով մըն է, որ իսկութեան մէջ նուիրուած է բռնատիրութեան մը ցեղասպանագործ ըլլալու իրողութիւնը նենգափոխելով զայն իբրեւ խաղաղութեան ջատագով ներկայացնելու նպատակին»:
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի մարմինին լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղած հաղորդագրութիւնը նաեւ հրապարակուեցաւ սէուտական, էմիրաթական եւ եգիպտական կայքերու մէջ: