«Հայոց Եկեղեցու Դերը Պետականութեան Բացակայութեան Պայմաններում» Խորագիրով Գիտաժողով Երեւանի Մէջ
Սեպտեմբեր 10-ին, Երեւանի պետական համալսարանին մէջ կայացած է «Հայոց եկեղեցու դերը պետականութեան բացակայութեան պայմաններում» խորագիրով համահայկական գիտաժողով։ Անիկա նախաձեռնած է Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը՝ ԵՊՀ-ի Աստուածաբանութեան եւ Պատմութեան բաժանմունքներուն հետ համատեղ։ Գիտաժողովի բացման Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քեշիշեան կարեւոր համարած է եկեղեցւոյ դերը, յատկապէս պետականութեան բացակայութեան պայմաններուն մէջ։
«Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ, իսկ Սփիւռքի մէջ նաեւ Կաթողիկէ եւ Աւետարանական եկեղեցիներու առաքելութիւնը կ՝անցնի հոգեւոր-դաւանաբանական տիրոյթը եւ կը ստանձնէ ազգապահպան մեծ առաքելութիւն։ Եկեղեցին՝ կրթական եւ մշակութային գործունէութեան շնորհիւ կը դասուի իբրեւ ազգային գերագոյն անփոխարինելի արժէք»,- նշած է ան իր ելոյթին մէջ։ Գիտաժողովին ընթացքին Հայոց եկեղեցւոյ տարբեր ժամանակաշրջաններու պատմութեան վերաբերող զեկոյցներով հանդէս եկած են մասնագէտներ ՀՀ-էն, Արցախէն եւ Սփիւռքէն։
Պ․Գ․Թ․, դոցենտ Մելանիա Բալայեան ներկայացուցած է «Հայ աղուանից կաթողիկոսութեան ազգապահպան առաքելութիւնը 6-10 դարերում» թեման, պատմաբան Յովիկ Աւանէսովը՝ «Հայոց եկեղեցու դերը հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանման գործում»։