Հայաստան եւ Հայութիւն Մտահոգութիւն են, Տարբեր Տեսակէտները Մեղանչում Չեն․ Յակոբ Պալեան
Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, ինչ կը վերաբերի երկրի ներկային եւ զարգացման, գալիքին, կարծիքներու եւ վերաբերումներու այլազանութիւն կայ: Ո՞ր երկրին մէջ չկայ: Դրական եւ բացասական վերաբերումներ՝ իրարու հանդէպ, նաեւ՝ հեռու եւ մօտ դրացիներու:
Սփիւռք(ներ)ը, նաեւ, իր հարցերուն, ներկային եւ գալիքին մասին այլազան կարծիքներ ունի: Կը գումարուին Հայաստանի մասին կարծիքներ, կան դիրքորոշումներ: Ոմանք, հեռակայ կարգով, Հայաստանի կեանքին մէջ դերակատար ըլլալու ցանկութիւն ունին: Թեր, դէմ, խօսքեր, մրոտուած եթերի կամ թուղթի էջեր:
Հայաստանի Հանրապետութեան համար, ինչպէս Սովետի օրերուն, «Սփիւռք»-ը օրինական ոչ մէկ ճանաչում ունի, ամրագրուած իրաւունք եւ պարտականութիւն չունի, անոր ազգի անդամութիւնը, օրէնքով չէ ճշդուած, ուստի ընտրանքներու վրայ ազդելու հնար չունի, ինչպէս կ’ըսուի, «ձայն չունի», բախտաւոր պարագային, ընդունուած է որպէս բարեսիրական կամ արձագանգող:
Երբ դեռ Հայաստանը չէր յայտարարած իր անկախութիւնը եւ միջազգային ճանաչում չունէր, Գերագոյն Խորհուրդի օրուան նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան, Փարիզի «Էնթերքոնթինաթալ» հիւրանոցի սրահին մէջ, հայ համայնքի հետ հանդիպման ընթացքին, շատ կարեւոր յայտարարութիւն մը ըրաւ: Վերանկախացման եւ արցախեան «միացման» յոյսի այդ օրերուն, ոչ ոք ուզեց կամ փորձեց հասակնալ ըսուածի խորքային իմաստը: Ան ըսաւ, որ Հայաստանը Սփիւռքի մէջ կը նշանակէ ներկայացուցիչներ եւ անոնց միջոցաւ կը կառավարէ Սփիւռքը: Միտքը պարզ էր. բազմամիլիոն Սփիւռքը ազգային-քաղաքական ինքնուրոյն ազդակ չէր: Ազգի հարազատ մաս չէր:
Իշխանութիւնները փոխուեցան, բայց այս քաքաղական ոչ մէկ տեղ արձանագրուած տեսակէտը, դոկտրինը մնաց անփոփոխ:
Բարեսիրական եւ «տուրիստական» սփիւռքը մնաց յոգնակի եւ հանդէս չեկաւ որպէս գիտակից եւ յանձնառու հայրենատէր: Սփիւռքէն քանի մը անձերու պետական պաշտօններու կոչումը կարելի չէ համարել Սփիւռքի տրուած պատմաքաղաքական դէպքերու ընթացքին վրայ ազդելու իրաւունք, անկախ այդ անձերու կարողութենէն, անոնց վստահուած գործէն եւ տարողութենէն: Անոնց ներկայութիւնը այդ պաշտօններուն, միայն մասնագիտական էր: Նոյն Լեւոն Տէր Պետրոսեան ըսաւ նաեւ, որ Հայաստանի օգնելու ժամանակը հիմա է, վաղը ուշ կ’ըլլայ: Այսինքն Սփիւռքը ազգային-քաղաքական դերի չէր կոչուած: Ազգի եւ հայրենիքի ներկային, ապագային, իրաւունքին ճշդման եւ հետապնդման ընթացքին մէջ Սփիւռքը իրաւասու եւ որոշիչ ազդակ չէր:
Ո՛չ ոք, ո՛չ պետութիւնը եւ ո՛չ Սփիւռքի բազմաշերտ էսթէպլիշմընթի աւագները, երէկ եւ այսօր, չեն փորձած եւ չեն յաջողած ճշդել, չեն գիտցած, թէ ի՞նչ թիւ կը ներկայացնէ անորոշ սահմաններով սփիւռք-հայութիւնը, որպէսզի ազգը ներկայանար ոչ միայն Հայաստանի երեք միլիոնով, այլ նաեւ անոր վրայ գումարուած բազմաթիւ միլիոններով:
Սփիւռքը ընթացաւ խուփ աչքերով, զգացականութեամբ, հայրենասիրական երգ, խրախճանք, բարեսիրութիւն, զբօսաշրջութիւն հայրենակերտման, հայրենիքի պաշտպանութեան, հայրենատիրութեան եւ առաջնորդութեան միգամածի մէջ ապրեցաւ եւ այդպէս ալ կը շարունակէ: Սփիւռքը, իր բազմանուն միութիւններով եւ հակադրութիւններով, իր բազմանուն «քաղաքական» կազմակերպութիւններով, մնաց «սովետ»ի օրերուն գծուած հոգեբարոյական բաժանումներու թեր ու դէմ խաղին մէջ, դատապարտուեցաւ, բախտատաւոր պարագային, կառքին հինգերորդ անիւի դերին, կամ շպարուած կնոջ դերին, որուն կ’ըսեն, «եղի՛ր գեղեցիկ եւ լռէ՛»: Սփիւռքի նախարարութիւնն անգամ, որ լսելու եւ լսուելու նուազագոյն կամուրջ էր, աւելորդ համարուեցաւ, նշանակուեցաւ «յանձնակատար» մը: Բառը իմաստ ունի. կը նշանակէ իրեն եղած յանձնարարութիւնը կատարող:
Բազմամիլիոն Սփիւռքը, որ հայութիւն էր, չկոչուեցաւ, պարտաւորութեամբ եւ իրաւունքով, հայրենատիրութեան դերի եւ յանձնառութեան, փոխարէն զարգացաւ առատաբանութիւն, սովետի ժամանակավրէպ թեր ու դէմի անմիջուկ սովորութիւն: Վերանկախացած Հայաստանի իրարայաջորդ իշխանութիւնները ազգի միացման իրաւ ընթացք չունեցան, միացում՝ որ չըլլար բաժակաճառային, գոհացան զգացական կամ ջոջական շահագործումով:
Բազմամիլիոն Սփիւռքը իրողապէս չընդունուեցաւ որպէս քաղաքական ազդակ: Աղմուկի, օգնութեան եւ «տուրիստ»–ի փրփուրը յանձնառութիւն եւ իրաւունք չեղան, երկրի եւ պետութեան հզօրացման նպաստ չեղան: Եւ Սփիւռքը դատապարտուեցաւ ազգի իրողապէս մաս չըլլալու վիճակին եւ մշակեց տեսակ մը պղատոնական սէր, որ ջոջական երեւելիութիւններ կը բաւարարէր:
Հայրենադարձութիւնը պետական օրակարգ չեղաւ: Չեղաւ նաեւՍփիւռքի համար:
«Բիզնես» եւ «բարեսիրութիւն» արհամարհեելի չեն, բայց անոնք «հայրենատիրութիւն» եւ հայրենադարձութիւն» չեն:
Եթէ ընդունուած իրաւ սկզբունք է, որ Հայաստանը համայն հայերուն հայրենիքն է, ուրեմն բազմամիլիոն Սփիւռքը համայնին մէջ է: Եթէ զգացականութիւնը մէկդի դնենք, պէտք է ըսուի, եւ գիտնանք, թէ ինչպէ՞ս Հայաստանը համայնին մաս կազմող Սփիւռքի բազմամիլիոն հայերուն հայրենիքն է, երբ չկան տիրոջ եւ ծառայի անանջատելի իրաւունքներ եւ պարտաւորութիւններ:
Հայաստանի ղեկավարութիւնը անատակ եղաւ ժողովուրդը իր հողին վրայ պահելու, ստեղծուեցաւ հայրենիք լքողներու Սփիւռք: Ոչինչ եղաւ հայրենադարձութիւն կազմակերպելու: Համագումար՝ համայն հայոց հայրենիքը չհզօրացաւ: Այս կացութեան հետեւանքը ոչ ոք կրնայ թաքցնել: Ան հանդիսացաւ տկարացման ընթացք եւ առաջնորդեց պարտութեան: Վկայ՝ Եռաբլուրը, որ պարտութեան կոթող է:
Հիմա Հայաստան օրակարգ է Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը: Վերակազմակերպման եւ ազգի հզօրացման ո՞ր պահանջէն կը մեկնի նոր Սահմանադրութեան ցանկութիւնը: Առանց դասական դարձած իշխանութեան դէմ կամ թեր ըլլալու բանավէճային աղմուկի, պէտք է մտածել եւ հարց տալ, թէ, նոր Սահմանադրութեան մը մշակումը եւ որդեգրումը Հայաստանի եւ համայն հայութեան ազգային եւ քաղաքական հեռանկարին եւ պահանջին պիտի ծառայե՞ն:
Կեղծ հայրենասիրութեան ամլացնող պայքարները մէկդի դնելով պէտք է գիտնալ, թէ Հայաստան եւ հայութիւն, ի՞նչ կ’ուզեն, նոր սահմանադրութեամբ, ի՞նչ պիտի սահմանեն: Ո՞վ եւ որոնք, ուղղակի կամ անուղղակի պահանջողներն են նոր սահմանադրութեան: Ո՞ր անհրաժեշտութենէն կը կը բխի այդ պահանջը:
Ի՞նչ պէտք է վերցնել ներկայ Սահմանադրութենէն, ի՞նչ աւելցնել անոր վրայ եւ ինչո՞ւ:
Պահը պատմական եւ ճակատագրական է: Հայաստան եւ բազմագոյն եւ բազմամիլիոն Սփիւռք(ներ), վերջ տալով ամէն բնոյթի նիզակ ճօճելու ինքնագոհութիւն պատճառող զուարճութիւններու, ազգային եւ քաղաքական իրաւ գիտակցութեամբ, կը գերանցե՞ն յարաճուն քէները եւ յաւելեալ պարտքի գիտակցութեամբ, կը մշակեն Նոր Սահմանադրութիւն:
Հայաստան թրքական քաղաքական եւ զինուորական հզօր ճնշման ենթակայ է: Թուրքիա եւ Ազրպէյճան խաղաղութեան հաստատման համար պահանջներ ունին, որոնք կը հպատակին անոնց մեծ-պետական նպատակներուն: Սովորական կերպով ըսուած է եւ կ’ըսուի փանթիւրքիստական, համաթուրանական:
Պահանջ է Սահմանադրութենէն, ընդհանրապէս հայկական քաղաքական-գաղափարական խօսքէն եւ առաջադրանքներէն հեռացնել պատմական հայ ազգային ճշմարտութիւններ եւ իրաւունքի յիշեցումներ, անոնք ըլլան տարածք կամ խորհդրանիշ, որոնք կ’անհանգստացնեն Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը եւ անոնց կողմէ կը համարուին յարձակապաշտութիւն: Տրամաբանութիւն, որ կը թելադրէ այն, Հայաստան քայլ պէտք չէ պահէ հայրենահանուածներու բազմամիլիոն Սփիւռքին հետ եւ նոյն հունով հրաժարի հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջէն եւ այդ չարձանագրէ ոչ մէկ տեղ: Ի հարկէ, լաւ կ’ըլլայ եթէ վերացնէ նաեւ Ծիծեռնակաբերդը, Արցախը չարձանագրէ ո՛չ Սահմանադրութեան եւ ո՛չ ալ պատմութեան դասագիրքերուն մէջ, Արարատի պատկերը չգործածէ որպէս խորհրդանիշ, քանի որ ան Թուրքիոյ «Աղրի Տաղ»ն է եւ հուսկ, Սիւնիքէն միջանցք տայ, որպէսզի համաթրքական քաղաքականութեան առջեւ խոչընդոտներ չըլլան: Ի՞նչ պէտք է ընել, եթէ «Ալիեւի բարձրաձայնած Արեւմտեան Ազրպէյճանի կցումն ալ պահանջեն, որպէս Խաղաղութեան հաստատման պայման: Եթէ պահանջեն, որ հայ բանասստեղծներու գիրքերը սրբագրուին եւ «Արարատ» բառերը ջնջուին, քանի որ անոնք թշնամութեան պատճառ կրնան ըլլալ…
Հայ քաքաղական միտքը, ներսը եւ դուրսը, բացայայտ կերպով պէտք է ըսէ թէ, ո՞ր պահանջները բաւարարելու եւ ի՞նչ ստանալու համար պէտք է ունենալ Նոր Սահմանադրութիւն, քանի որ ներկայ Սամանադրութիւնը Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի դէմ թշնամական կը համարուի: Պահանջերը մնայուն օրակարգ են նաեւ խորհրդային շրջանին Հանրապետութեան տարածքին գտնուող եւ որպէս ազերիական ճանցուած տարածքներու (անկլաւներ) համար:
Յարձակապաշտ Ազրպէյճանի պահանջները մինչեւ ո՞ւր կրնան երթալ: Եւ ինչպէ՞ս բաւարարել զանոնք, որպէսզի խաղաղութեան համաձայնագիր կնքուի: Նոր Սահմանադրութի՞ւնը որպէս անձնատուութեա՞ն գիր պիտի մշակուի:
Համաթրքական բացորոշ քաղաքականութիւն կը վարեն Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը, այդ ճամբուն վրայ արդէն ՀՈՂԱԿՏՈՐ դարձած Հանրապետութիւնը պէտք է փոքրացուի եւ հրաժարի իր ինքնութեան յիշատակարան պատմութենէն եւ իրաւունքներէն, ինքզինք զրկէ հայ ժողովուրդի ապրելու եւ տեւելու համար իր անհրաժեշտ կենսատարածքէն:
Հաշուեկշիռ մը պէտք է ընել: Հայկական պետութիւնը աւանդական եւ անկուշտ թշնամիներու եւ նուաճողական յաջողութիւննրու ճնշման տակ, տեւելու համար զիջումներ կ’ընէ: Մինչեւ ո՞ւր:
Ամփոփենք. չէ եղած հայկական ցեղասպանութիւն, բռնագրաւուած Հայաստան չկայ, Սեւրի դաշնագիր եւ Ուիլսընեան սահմանները հէքիաթ են, Արարատ չէ եղած, չէ եղած հայկական Արցախ, հոն ցեղային զտում չէ եղած: Վաղը բանաստեղծութիւն Սեւանն ալ կրնայ տէր փոխել եւ ըլլալ Կէօք Սու, որպէսզի հանդուրժուի մանրանկար հայկական պետութիւն մը, որուն բնակչութիւնը օր աւուր կը նօսրանայ, օր մը դառնալու համար նոր անունով իշխանապետութիւն մը, եւ ազգը՝ ըլլայ համաշխարհային: Դատարկաբանութիւն Ինչ կը վերաբերի Արցախի մէջ տեղի ունեցած ցեղային զտման, ան ալ կ’արձանագրուի Վանի, Մուշի, Սասունի, եւ Կիլիկիոյ հայաթափման ցանկին վրայ, եւ հայ կոչուած ժողովուրդի սերունդները կը դառնան այլանուն: Կը համարակուին: Այս բոլորը՝միջազգային արդարութեան առեւտուր ընող մեծամեծներու եւ անոնց նոյնքան մեծանուն ժողովներու աչքին առջեւ եւ մեղսակցութեամբ:
Երեւանը մեծ քաղաք է փոքրացած ժողովուրդի մը համար: Կու գան ուրիշ մարդիկ: Ժամանակ մըն ալ, ձեւի, արդարացման եւ խիղճ հանդարտեցնելու համար կը պահուի փոքրիկ պետութիւն մը, մխիթարութեան համար նոր մայրաքաղաք կ’ունենայ, Աշտարակ կամ Դիլիջան: Եւ այլեւս հայ ազգը պահանջներ չ’ունենար:
Կրնայի՞նք հոս չհասնիլ: Ի՞նչ ըրինք հոս չհասնելու համար: Ի՞նչ ըրինք իրապէս միանալու համար:
Նոր Սահմանադրութիւն մը կրնա՞յ ՄԻԱՑՆԵԼ ԱԶԳԸ: Յաջորդական զիջումներով Հայաստան կը գրէ հայ ժողովուրդի նոր վէպը, Սփիւռքը ժամանակ մըն ալ կը պահէ հին վէպը:
Նոր Սահմանադրութեամբ Սփիւռքի բազմաթիւ միլիոնները եւ հնարաւորութիւնները ազգի իրաւ ներուժ կը դարձնե՞նք, ո՛չ միայն բանիւ այլ՝ գործով: Օրէնքով եւ իրաւունքով, Մէկութեան եւ պատասխանատուութեան տանող ճամբով:
Հանրապետութեան Ազգային Ժողովը, նոր Սահմանադրութեամբ, կը դառնա՞յ ՀԱՄԱՅՆ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎ, ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁՈՒԹԵԱՄԲ ԿԸ ԴԱՌՆԱ՞ՆՔ ՀԱՅՐԵՆԱՏԷՐ ԵՒ ԱՐԵՒՒՆ ՏԱԿ ԱՊՐԵԼՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔԻ ՏԷՐ Կ’ԸԼԼԱ՞ՆՔ:
Միշտ մտածած եմ, որ եթէ Արցախի բնակեցման համահայկական քաղաքականութիւն գործադրած ըլլայինք, ի՞նչ կ’ըլլար այսօր մեր կացութիւնը:
Մտածե՛լ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՍԱՀՄԱՆԱՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ՝ ԱԶԳԻ ԲՈԼՈՐ ԿԱՐՈՂԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ ՀԶՕՐԱՆԱԼՈՒ, ՄԵՐ ՃԱԿԱՏԱԳՐԻՆ ԵՒ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ ՄԵՆՔ ՏԷՐ ԸԼԼԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ, գործել յաւելեալ պարտք հատուցելով եւ ո՛չ յաւելեալ իրաւունքի համար, չըլլալու համար անհայրենիքներու անդիմագիծ ամբոխ, որ վաղ թէ ուշ, «երջանիկ» աւազախրումով կ’անհետանայ:
ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ օրակարգ կ’ըլլա՞յ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ, ԱՄՐԱԳՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԱԶԳԻ ՄԷԿՈՒԹԻՒՆ, ԱԶԳԻ ԻՐԱՒՈՒՆՔ ԵՒ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆՆԵՐ:
Վաղը միշտ ուշ է: Վատութիւն է ըսել չէինք գիտեր, չգիտցանք: