Արցախի Նախկին Ղեկավարները ազրպէյճանի Մէջ Շուտով Դատարանի Դիմաց Պիտի Կանգնին
Ապօրինաբար պաքուի մէջ պահուող Արցախի նախկին նախագահներ Արայիկ Յարութիւնեան, Բակօ Սահակեան, Արկադի Ղուկասեան, պետական նախկին նախարար Ռուբէն Վարդանեան եւ միւս 4 բարձրաստիճան պաշտօնատարները ազրպէյճանի մէջ շուտով պիտի կանգնին դատարանի առջեւ: Այս մասին, ըստ «Հորիզոն»-ի, ռուսական News.ru լրատուամիջոցին փոխանցեց ազրպէյճանի գլխաւոր դատախազ Քամրան Ալիեւ, սակայն, ան դատաքննութեան մեկնարկին վերաբերեալ յստակ ժամկէտներ չնշեց:
«Քրէական գործի նիւթերուն կը ծանօթանան թէ՛ մեղադրեալները եւ թէ տուժողները: Դուք գիտէք, որ քրէական այս գործով տուժողները շատ են: Այս բոլոր քննչական միջոցառումները իրականացնելէ ետք, գործը պիտի ուղարկուի դատարան»,- ըսաւ ազրպէյճանի գլխաւոր դատախազը:
Արցախի նախկին ղեկավարներուն ազրպէյճան ահաբեկչութեան ծանր յօդուածներով մեղադրանքներ առաջադրեց նախորդ տարի՝ Արցախի վրայ ազրպէյճանի յարձակումէն եւ անոնց ձերբակալութենէն օրեր ետք:
Մարդու իրաւունքներու կոպտագոյն խախտումներով յայտնի երկրին գլխաւոր դատախազը պնդեց, որ Արցախի նախկին պաշտօնատարներուն գործը դատարանը պիտի քննէ՝ «միջազգային չափանիշներուն եւ ազրպէյճանի քրէական օրէնսդրութեան համապատասխան»:
ազրպէյճանի բանտերուն մէջ կան 23 հայեր, որոնցմէ 8 Արցախի նախկին բարձրաստիճան պաշտօնատարներն են:
5 Սեպտեմբերի կառավարութեան նիստէն ետք, լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Անահիտ Մանասեան, անդրադառնալով այս լուրին, ըսաւ, որ ազրպէյճանի մէջ բնիկ հայերուն նկատմամբ չեն կրնար անկողմնակալ եւ անկախ մարմիններու կողմէ դատավարութիւններ կատարել, ինչ որ Մանասեան խորհրդապահական կարգով ներկայացուցած է միջազգային գործընկերներուն:
Ան շեշտեց, որ գերիներուն վերաբերող հարցը Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի հանգամանքներուն մէջ չէ ներառուած, եւ իրենք հարցին կ՛անդրադառնան մարդու իրաւունքներու ընդհանուր սկզբունքները եւ արժէքները նկատի ունենալով:
«Նաեւ մի շարք այլ հարցեր, որոնք վերաբերելի են անմեղութեան կանխավարկածին, որոնք մենք էինք բացայայտել եւ կիսել միջազգային տարբեր գործընկերների հետ, այս ամէնը հիմք է տալիս եզրակացնելու, որ անկախ ամէն ինչից այս գործընթացները իրաւունքի սկզբունքներին չեն համապատասխանում»,- ըսաւ Մանասեան՝ աւելցնելով. «Բոլորս ենք հասկանում, որ սրանք միայն իրաւական հարթութիւնում լուծման ենթակայ հարցեր չեն»: