
Պատմական Օրուան Խորհուրդը․ «ՎԵՐԱԴԱՐՁ» Խորագրով Ձեռնարկը՝ Նուիրուած ԱՀ Անկախութեան 33-ամեակին
Սեպտեմբեր 2-ին կայացաւ ՀՅԴ Հայասատանի Գերագոյն մարմնի կազմակերպած «ՎԵՐԱԴԱՐՁ» խորագրով ձեռնարկը՝ նուիրուած Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան 33-ամեակին: Ձեռնարկին նպատակն էր ստեղծուած ծանրագոյն իրավիճակին մէջ արժեւորել պատմական օրուան խորհուրդը, ներկայացնել մօտեցումներ եւ առաջարկներ՝ Արցախի հիմնախնդրի մարտահրաւէրներու եւ քաղաքական լուծումներու, համազգային յանձնառութիւններու եւ Արցախահայութեան անօտարելի իրաւունքներու իրացման վերաբերեալ։
Ձեռնարկին ներկայ էին հոգեւոր դասի ներկայացուցիչներ, Արցախի Հանրապետութեան նախագահը, ԱՀ պետական հիմնարկներու ներկայացուցիչներ, ՀՀ եւ ԱՀ քաղաքական, դիւանագիտական եւ ռազմական գործիչներ, «Սրբազան պայքար»-ի առաջնորդ Բագրատ սրբազանը, ինչպէս նաեւ հանրային տարբեր շրջանակներու ներկայացուցիչներ:
Բացումը կատարեց Արցախի թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ տեր Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեան՝ տէրունական աղօթքով: Հնչեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ուղերձը:
Ելոյթներով հանդէս եկան Արցախի ԱԺ նախագահի պարտականութիւնները կատարող Գագիկ Բաղունցը, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Պուլուզեանը, ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակի յատուկ ծրագրերու պատասխանատու Գէորգ Ղուկասեանը, ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեանը, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ, ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթելեանը:
Ձեռնարկի ընթացքին ցուցադրուեցաւ Սեպտեմբեր 19-ի դէպքերուն մասին պատմող «Անաւարտ մարտը» խորագրով փաստագրական ֆիլմը, ինչպէս նաեւ հանդէս եկան Արցախի պետական շարք մը մշակութային աշխատակազմեր։
Ցուցադրուեցան աշխարհի տարբեր անկիւններէ հասած՝ Հայ Դատի, հայ ժողովուրդի եւ Արցախի բարեկամ խորհրդարանականներու եւ պետական ու քաղաքական գործիչներու ուղերձները՝ անոնց հեղինակներուն ընթերցմամբ: Ատիկա մէկ անգամ եւս ամրագրեց այն քաղաքական պնդումը, որ իր իրաւունքներուն համար պայքարին մէջ հայ ժողովուրդն ու արցախահայութիւնը միայնակ չեն:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի
Հանրային կապերու գրասենեակ
03.09.2024 թ.