Հրապարակուած Է «Արցախ/Լեռնային Ղարաբաղ. Էթնիկ Զտման Դէպքի Ուսումնասիրութիւն» Զեկոյցը
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակը յայտարարութեան մը միջոցով տեղեկացուց, որ հրապարակուած է «Արցախ/Լեռնային Ղարաբաղ. էթնիկ (ցեղային) զտման դէպքի ուսումնասիրութիւն» զեկոյցը։
Ստորեւ՝ այդ յայտարարութիւնը.
«Միջազգային եւ համեմատական իրաւունքի կեդրոնը, Հայ Դատի համակարգէն ներս գործող Հայկական իրաւական կեդրոնի հովանաւորութեամբ, հրապարակած է մանրամասն զեկոյց` անդրադառնալով Արցախի մէջ տեղի ունեցած վերջին ցեղական զտումներուն, որոնք կապուած են ազրպէյճանի երկարատեւ հակահայկական խտրական քաղաքականութեան հետ: Զեկոյցը կը վիճարկէ, որ Արցախի շրջափակումը, ռազմական յարձակումը եւ յաջորդող բռնի տեղահանումը իրարմէ առանձնացուած միջադէպեր չեն, այլ հայերու դէմ խորապէս արմատացած կառուցային քաղաքականութեան գագաթնակէտ:
«Զեկոյցը կը տարբերակէ «ցեղական զտումներ» եւ «ցեղասպանութիւն» հասկացութիւնները` նշելով, որ, թէեւ ցեղասպանութիւնը կը սահմանուի խումբը ամբողջութեամբ կամ մասնակի ոչնչացնելու մտադրութեամբ, ցեղական զտումները կը ներառեն որոշակի տարածքէ խումբի բռնի հեռացում` բռնութեան եւ ահաբեկչութեան միջոցով: Արցախի պարագային Եւրոպական խորհրդարանը եւ տարբեր փորձագէտներ իրադարձութիւնները դասակարգած են որպէս ցեղական զտումներ, ոմանք այս դասակարգումը տարածած են նաեւ ցեղասպանութեան յանցագործութեան վրայ` կապուած ծանր պայմաններու եւ համակարգուած ոչնչացման սպառնալիքի հետ:
«Զեկոյցին ներկայացուցած ապացոյցները ցոյց կու տան, որ ազրպէյճանի քաղաքականութիւնը, ներառեալ շրջափակումը եւ ռազմական գործողութիւնները, կ՝արտացոլեն Արցախի հայկական ներկայութիւնը արմատախիլ ընելու միտումնաւոր փորձ: 2022 թ. Դեկտեմբերին սկսած շրջափակումը սարսափելի պայմաններ ստեղծեց` սահմանափակելով հիմնական ապրանքներու եւ ծառայութիւններու հոսքը, որ յանգեցուց սնունդի, դեղորայքի եւ վառելիքի խիստ պակասի: Իբրեւ արդիւնք յառաջացած մարդասիրական ճգնաժամը յանգեցուց համատարած թերսնուցման, առողջութեան վատթարացման եւ կրթական ու առողջապահական ծառայութիւններու խաթարման: Զեկոյցը կը մանրամասնէ, թէ ինչպէս ազրպէյճանական ուժերը թիրախ դարձուցած են գիւղատնտեսական աշխատանքները եւ խոչընդոտած են տեղական սնունդի արտադրութիւնը` խորացնելով հայ բնակչութեան տառապանքը:
«2023 թուականի Սեպտեմբերին սկսած ռազմական յարձակումը աւելի սաստկացուց ճգնաժամը: Զեկոյցը կը փաստէ, թէ ինչպէս այդ յարձակումը, որ սկսած է սաստիկ մարտերով եւ քաղաքացիական ենթակառուցուածքներուն հասցուած համատարած վնասներով, յանգեցուցած է քաղաքացիական բնակչութեան զգալի զոհերու եւ տարհանման աշխատանքներու լուրջ խափանումներու: Ռազմական յանցագործութիւններու, ինչպէս` հայ խաղաղ բնակչութեան խոշտանգումներու եւ անդամահատումներու մասին հաղորդումները կ՝ընդգծեն յարձակման դաժանութիւնը եւ այդպիսի գործողութիւններու նշանակութիւնը Արցախէն հայ բնակչութեան բռնի տեղահանման գործին մէջ:
«Զեկոյցը նաեւ կ՝ընդգծէ հայկական մշակութային եւ կրօնական վայրերու շարունակական ոչնչացումը ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ, որոնք համակարգուած ձեւով կը ջնջեն հայկական հետքերը: Այս աւերումը կը ներառէ եկեղեցիներու, պատմական յուշարձաններու եւ խաչքարերու ոչնչացումը, ինչպէս նաեւ հայկական մշակութային հետքերը վերացնելու համար յուշարձաններու էութեան նենգափոխումը: Զեկոյցը կ՝ընդգրկէ արբանեակային պատկերներ եւ փաստաթուղթեր այնպիսի կազմակերպութիւններէ, ինչպէս «Caucasus Heritage Watch»ը, որ ցոյց կու տայ մշակութային ոչնչացման չափը, որ դատապարտուած է միջազգային կառոյցներու կողմէ, ինչպէս UNESCO-ն եւ Եւրոպական խորհրդարանը:
«Զեկոյցն կ՝ընդգծէ, որ մշակութային այս ոչնչացումը եւ շրջափակման ազդեցութիւնը կ՝արտացոլեն ազրպէյճանական հասարակութեան մէջ հակահայկական տրամադրոււթիւններու աւելի լայն օրինաչափութիւն: Անիկա կը նկարագրէ, թէ ինչպէս ազրպէյճանական պետական հռետորաբանութիւնը, ներառեալ հակահայկական բռնութեան հերոսացումը եւ հայերու նուաստացուցիչ պատկերները, ստեղծած են ապամարդկայնացման եւ խտրականութեան միջավայր: Այս միջավայրը յաւերժացուած է պետութեան կողմէ աջակցուող նախաձեռնութիւններու միջոցով, ինչպիսին է պաքուի «Ռազմավարի պուրակ»ը եւ հասարակական ցանցերու մէջ տարածուող հակահայկական ատելութեան խօսքը:
«Աւելին, զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ ազրպէյճանի իշխանութեան տակ գտնուող հայերու նկատմամբ վերաբերմունքը, ներառեալ քաղաքական դրդապատճառներով Արցախի քաղաքական առաջնորդներու կալանաւորումը եւ հակահայկական բռնութեան շարունակական հերոսացումը, կ՝արտացոլէ մարդու իրաւունքներու միջազգային չափանիշներու անտեսումը: Անիկա կ՝ընդգծէ, որ հայկական մշակութային ինքնութեան համակարգուած ժխտումը եւ մշակութային ժառանգութեան վայրերու ոչնչացումը Արցախի մէջ հայկական ներկայութիւնը վերացնելու ազրպէյճանի աւելի լայն ռազմավարութեան անբաժանելի մասն է:
«Զեկոյցը հասանելի է հետեւեալ յղմամբ:
«Եզրափակիչ մասով զեկոյցը կոչ կ՝ընէ միջազգային գործողութիւններ ձեռնարկելու այս խախտումները վերացնելու համար` ընդգծելով տեղահանուած հայ բնակչութեան աջակցութեան անհրաժեշտութիւնը: Անիկա նաեւ կ՝ընդգծէ, որ հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը, մարդու իրաւունքներու կոպիտ խախտումներու եւ ազրպէյճանի մէջ կառուցային խտրականութեան հետ մէկտեղ, շարունակական վտանգ կը ներկայացնէ արցախահայութեան համար եւ կ՝ընդգծէ միջազգային միջամտութեան հրատապութիւնը` կանխելու յետագայ վայրագութիւնները եւ աջակցելու հայերու իրաւունքներու եւ ժառանգութեան վերականգնման»:
