Զաքար Քէշիշեանի Առաջին Համերգն է, որ Կը Համախմբէ Արցախցիները՝ Արցախէն Դուրս

Հայաստան, Սփիւռք

«ԱՊԱՌԱԺ»

Օգոստոս 28-ին, Կոմիտասի թանգարան-ուսումնարանէն ներս տեղի ունեցաւ շուիահար, դուդուկահար, Շուշիի «Վարանդա» երգչախումբի հիմնադիր, գեղարուեստական ղեկավար, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեանի եւ արցախցի դաշնակահար Նադեժդա Յակոբեանի համերգը:

Համերգը կը կրէր «Միասնականչ» խորագիրը։ Արցախի բռնագրաւումէն ետք, ասիկա Զաքար Քէշիշեանի առաջին համերգն է, որ կը համախմբէ արցախցիները՝ Արցախէն դուրս։ 30 տարիներու ընթացքին Զաքար Քէշիշեանը դարձած է արցախցիներու սիրելին, ուստի համերգը լաւ առիթ էր մշակութասէր արցախցիներուն կրկին հաւաքուելու եւ վայելելու իրենց սիրելի երաժիշտին կատարումները։ Համերգին ներկայ էին նաեւ Արցախի թեմի առաջնոդրը, քաղաքական ու մշակութային գործիչներ։

Առաջին անգամ Զաքար Քէշիշեանը Արցախ ժամանած էր 1988 թ-ին՝ Երեւանէն խումբ մը ուսանողներու հետ համերգներ տալու եւ առաջին հայացքէն սիրահարուած էր Արցախին։

Շուշիի  «Վարանդա» երգչախումբը ստեղծուած է Շուշիի ազատագրութեան տարիներուն: Այդ ժամանակ հիմնադրուած «Արամ Մանուկեան» վարժարանի մշակութային խումբերէն մէկն էր «Վարանդա» երգչախումբը: Այդ օրէն ի վեր, ամէն տարի Զաքար Քէշիշեանը գտնուելով Արցախ, 2 ամիս կը նուիրէր երգչախումբին՝ պատրաստելով նոր համերգներ՝ նոր երգացանկով: Այս 30 տարիներուն ընթացքին ստեղծուած են 160-է աւելի երգեր՝ երգչախումբին համար:

Համերգին ընթացքին Զաքար Քէշիշեանը յայտարարեց, որ այժմ ալ Երեւանի մէջ պիտի կազամակերպեն «Երգող Արցախ» երգչախմբային ծրագիրը, որ տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբեր 13-ին, Երեւանի Կամերային երաժշտութեան տան մէջ։