Հայաստանի Մէջ Հակաթրքական Ձեռնարկներ՝ Կիպրոսի Գրաւման 50-րդ Տարուան Առիթով (լուսանկարներ)

Աշխարհ, Հայաստան

Սիսիանի մէջ բացուած է հայ-կիպրական բարեկամութեան քանդակ՝ նուիրուած Կիպրոսի գրաւման 50-րդ տարուան։ «Սիսական» ջոկատի մարտիկ, արուեստագէտ, քանդակագործ Աշոտ Աւագեանի հեղինակած գործը տեղադրուած է Զօրաց քարերուն մօտակայքը՝ Դիւանագիտական նախաձեռնութիւններու կրթական հիմնադրամի եւ «Ակն ընդ ական» վաւերագրողներու համայնքի համատեղ կազմակերպած ձեռնարկներուն ծիրէն ներս։ Այս մասին կը հաղորդէ «ԵՐԿԻՐ»-ը։

1974թ․ Յուլիս-Օգոստոս ամիսներուն ընթացքին թուրքիան ներխուժեց յունական Կիպրոս կղզի եւ գրաւեց հիւսիսային հատուածը՝ տեղահանելով աւելի քան 200 հազար յոյն։ թրքական այդ գործողութիւնը բնոյթով շատ նման էր 2020-2023թթ․ Արցախի գրաւման։

Հայ եւ յոյն ժողովուրդներու կրած տառապանքները շատ ընդհանրութիւններ ունին թրքական հակամարդկային եւ ահաբեկչական քաղաքականութեան պատճառով։ Մարդկութեան դէմ իրականացուած այդ յանցագործութիւններուն մասին պատմող ձեռնարկներուն շարքը Հայաստանի մէջ մեկնարկած է Օգոստոս 19-ին՝ Երեւանի մէջ։ ՀԲԸՄ-ի մէջ ցուցադրուած է յոյն բեմադրիչ Միքայէլ Գագոյեանիսի «Կիպրոսի լլկանքը» վաւերագրական ֆիլմը։

Նախաձեռնութիւնը իրականացուած է Հայաստանի մէջ Կիպրոսի դեսպանութեան աջակցութեամբ, իսկ յոյն քաղաքական գործիչ, Եւրոպայի խորհրդարանի նախկին պատգամաւոր Էլենի Թէոխարուսը տեսաուղերձ յղած է հայ ժողովուրդին՝ մաղթելով Արցախի արագ ազատագրում։

Սիսիանի մէջ բացուած քանդակը՝ կիսուած քարի տեսքով, կը խորհրդանշէ Կիպրոսը եւ Արցախը, որոնք փաթաթուած են փշալարերով, այսինքն գրաւուած են թրքական կողմէն։ Քանդակագործ Աշոտ Աւագեանի նախաձեռնութեամբ փշալարէն հատուած մը մասնակիցները կտրած եւ տարած են իրենց հետ՝ որպէս թրքական գրաւումը ոչնչացնելու խորհրդանիշ։