Սթափութեան Կոչ՝ Միջազգային Հանրութեան. Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողով

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ ԽՄԲԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ԿՈՉԸ

2024թ. Նոյեմբեր 11-22 պաքուի մէջ կը նախատեսուի ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան համաժողովը (COP29), որուն մասնակցելու հրաւէր ունին տարբեր երկիրներու ղեկավարներ, պաշտօնական պատուիրակութիւններ, միջազգային կազմակերպութիւններու պատասխանատուներ եւ բազմաթիւ լրագրողներ: Միանգամայն ակնյայտ է, որ պաքուն այդ համաժողովը կ՝օգտագործէ՝ մոլորեցնելու համաշխարհային հանրութիւնը եւ շեղելու հանրային կարծիքը իր երկրի էութեան հետ շաղկապուած ոճրագործութիւններէն։ Կասկածէ վեր է նաեւ, որ նշուած համաժողովին հրաւիրուած պաշտօնեաներու եւ կառոյցներու անտարբեր մօտեցումը ազրպէյճանի ոճրագործութիւններուն նկատմամբ այդ երկրի ղեկավարութեան կողմէ պիտի դիտարկուի իբրեւ քաջալերանք՝ իրականացուած ու շարունակուող յանցագործութիւններու, որուն ցանկէն կարելի է առանձնացնել.

— Արցախի մէջ 2023թ. Սեպտեմբերին ազրպէյճանի կողմէ ձեռնարկուած ցեղական զտումները՝ որպէս ցեղասպանութիւն եւ մարդկութեան դէմ իրականացուած յանցագործութիւն

— Ներխուժումը Հայաստանի Հանրապետութեան տարածք եւ ուժի կիրառման սպառնալիքով ճնշումները ՀՀ-ի վրայ։

— պաքուի կողմէ պատանդառուած Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարներու եւ միւս գերիներու նկատմամբ կեղծ մեդադրանքները, վերաբերմունքն ու անոնց անորոշ ճակատագիրը

— ազրպէյճանի կողմէ շարունակուող հակահայկական քաղաքականութիւնը, որ կ՝արտայայտուի նաեւ Արցախի պատմամշակութային հարուստ ժառանգութեան ոչնչացման, իւրացման եւ ինքնութիւնը կեղծելու գործօն քայլերով։

Վերոնշեալ յանցաւոր գործողութիւններուն շարքը կարելի է երկար շարունակել: Մարդկութիւնը յուզող համաշխարհային հարցերու՝ ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան համաժողովի անուան տակ այս արարքներու քողարկումը միայն ու միայն պիտի խորացնէ անվստահութեան ու անկայունութեան մթնոլորտը, որ ազրպէյճանի կողմէ պարտադրուած է Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին 2020թ. 44-օրեայ պատերազմի, լիակատար շրջափակման եւ ցեղասպանութեան սպառնալիքի ներքոյ Արցախի Հանրապետութեան բռնագրաւման եւ ամբողջովին հայաթափելու միջոցով:

Կոչ կ՝ընենք համայն հայութեան եւ տարածաշրջանի՝ խաղաղութեամբ շահագրգիռ երկիրներուն, կազմակերպութիւններուն ու անհատներուն միանալու Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակի եւ Միջազգային քրէական դատարանի գլխաւոր դատախազ Լուիս Մորենօ Օգամփոյի սկսած արշաւին՝ տեղեկատուական դաշտի, սոցիալական ցանցերու եւ անհատական հաղորդակցութիւններով բացայայտելու ազրպէյճանի նենգ մտադրութիւնները եւ սթափութեան կոչ յղելու միջազգային հանրութեան:

«Ազատ Հայրենիք-ՔՄԴ» խմբակցութիւն

«Միասնական հայրենիք» խմբակցութիւն

«Արդարութիւն» խմբակցութիւն

«ՀՅ Դաշնակցութիւն» խմբակցութիւն

«Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւն» խմբակցութիւն

21.08. 2024թ

Երեւան