
«Նաւասարդ» Հայ-իրանական Մշակութային-խոհարարական Փառատօնին Արցախի Խումբը Պրոնզէ Մետալ Նուաճած է
Արցախեան խումբը 4 տաղաւարով Օգոստոս 10-ին Սիսիանի մէջ մասնակցած է հայ-իրանական մշակութային-խոհարարական «ՆԱՒԱՍԱՐԴ» 3-րդ փառատօնին եւ ստացած է պրոնզէ մետալ։ Այս մասին կը հաղորդէ «ԱՊԱՌԱԺ»-ը։
Արցախի Հանրապետութիւնը մասնակից էր նաեւ 1-ին փառատօնին, այդ անգամ նուաճելով ոսկի մրցանակ։
Փառատօնին ընթացքին մասնակից հայկական եւ իրանական խումբերը տաղաւարներու մէջ պատրաստած եւ ներկայացուցած են ազգային խոհանոցի բազմազանութիւնն ու պատմութիւնը, իսկ մշակութային եւ երաժշտական գօտիներու մէջ ներկայացուած են պար, երաժշտութիւն, արուեստի գործեր, ահեստագործական արտադրանքներ։

Փառատօնի կազմակերպիչներն են Տուրիզմի Հայկական Ֆեդերացիան/Armenian Tourism Federation եւ «Հայ Խոհարարական աւանդոյթների զարգացման եւ պահպանման» ՀԿ-ն։
Արցախեան խումբին մասնակցութիւնը ապահոված է Artsakh Tourism & Culture Development Agency Արցախի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան զարգացման գործակալութիւն ՀԿ-ն։
