Ճանչնանք ու Սիրենք Մեր Հայրենիքը․ Մեկնարկած է Համահայկական Ուսանողական Հաւաքը

Հայաստան, Սփիւռք

Համազգայինի Երեւանի գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ այս տարի «Համազգային»-ի կարեւորագոյն ծրագիրներէն համահայկական ուսանողական հաւաքը (ֆորում) մեկնարկած է Յուլիս 13-ին։

Աշխարհի տարբեր երկիրներէ երիտասարդները հաւաքուած են Հայրենիքի մէջ, մէկ անգամ եւ համոզուելու, որ իրեց ինքնութիւնը աւելի խորութեամբ ճանչնալու միակ ձեւը Հայաստանը ճանչնալն է։

Հաւաքի մասնակիցները ողջունեցին Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամները։ Հաւաքի կարեւորութեան մասին խօսեցաւ Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ հաւաքի ներկայացուցիչ Ընկեր Արա Գէորգեան։

Հաւաքի հանդիսաւոր բացումը եզրափակուեցաւ «Նուբար» ազգագրական երգ ու պարի խումբին գեղեցիկ կատարումներով։

Ճանչնանք ու սիրենք մեր Հայրենիքը։