ազրպէյճանը Աննախադէպ Խախտում Կատարած է. Խոշտանգումներու Կանխարգիլման Եւրոպական Կոմիտէ

Աշխարհ, Հայաստան

Եւրոպայի խորհուրդին կից Խոշտանգումներու եւ անմարդկային կամ արժանապատուութիւնը նուաստացնող վերաբերմունքի կամ պատիժի կանխարգիլման եւրոպական կոմիտէն հրապարակած է ազրպէյճանի վերաբերեալ հրապարակային յայտարարութիւն։ Այս մասին կը հաղորդէ «ԵՐԿԻՐ»-ը։

«Այս յայտարարութիւնը, որ եղած է Կոմիտէի ստեղծման մասին Համաձայնագրի 10-րդ յօդուածին համաձայն, կը վերաբերի ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ ԽԿԿ-ի հետ համագործակցութեան մշտական ​​բացակայութեան:

Հրապարակային յայտարարութիւն ընելու այս բացառիկ որոշման պատճառը ազրպէյճանական իշխանութիւններուն ուղղակի հրաժարումն է ԽԿԿ-ի հետ համագործակցութենէն։ Կոմիտէն անկեղծ փորձեր ըրած է կառուցողական երկխօսութեան մէջ մտնելու ազրպէյճանի իշխանութիւններուն հետ՝ լուծելու այն խնդիրները, որոնք հիմքը կը կազմեն ԽԿԿ-ի գոյութեան: Իր զեկոյցներուն մէջ ան մանրամասնած է, որ շարունակած է ոստիկանութեան աշխատակիցներուն կողմէ վատ վերաբերմունքի եւ նոյնիսկ խոշտանգումներու մեղադրանքներ ստանալ:

Այնուամենայնիւ, ազրպէյճանի ՆԳՆ-ն որեւէ քայլ չէ ձեռնարկած՝ կեանքի կոչելու Կոմիտէին վաղեմի յանձնարարականները՝ դադրեցնելու նման գործելաոճը: Բացի այդ, կոմիտէն չէ ստացած նամակներու պատասխաններ, որոնցմով խնդրած են դիւրացնել երկխօսութիւնը պաքուի մէջ բարձր մակարդակի բանակցութիւններու միջոցով կամ նոյնիսկ ազրպէյճանի իշխանութիւններուն այցի մասին ծանուցելէ ետք: Ասիկա Համաձայնագրի հիմնարար եւ աննախադէպ խախտում է։

Հաշուի առնելով իրաւապահներուն կողմէ կալանաւորներու նկատմամբ վատ վերաբերմունքի եւ նոյնիսկ խոշտանգումներու հետ կապուած խնդիրներուն լրջութիւնը՝ ԽԿԿ-ն նաեւ որոշած է հրապարակել 2022 թուականին ազրպէյճան կատարած յատուկ այցին զեկոյցը՝ որպէս հրապարակային յայտարարութեան յաւելուած։

Ինչպէս կը նշուի յայտարարութեան մէջ, կոմիտէն յոյս ունի, որ համագործակցութեան բացակայութիւնը չի յանգեցներ ազրպէյճանի իշխանութիւններուն հետ յարաբերութիւններու մշտական ​​խզման։ ԽԿԿ-ն պատրաստ է աջակցելու իշխանութիւններուն՝ վճռական քայլեր ձեռնարկելու՝ պաշտպանելու հիմնարար արժէքները, որոնց հաւատարիմ է ազրպէյճանը՝ որպէս Եւրոպայի խորհուրդի անդամ երկիր։ Իր իրաւագիրին ծիրէն ներս Կոմիտէն լիովին հաւատարիմ է այդ նպատակով ազրպէյճանի իշխանութիւններուն հետ երկխօսութիւնը շարունակելուն»,- նշած է Կոմիտէն: