Պետական Մտածողութեան Անկո՞ւմ․ «Գանձասար»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խմբագրական

Ըմբռնելով աշխարհաքաղաքական զարգացումներուն պարտադրած ներկայ վիճակն ու Հայաստանի ծանր կացութիւնը, անհաւատալի կը թուին Հայաստանի վարչապետին կողմէ հնչող անպատասխանատու այն արտայայտութիւնները, որոնք ողջ ժողովուրդի մը պայքարը կ’արհամարհեն ու թշնամին կ’արդարացնեն։

Պահ մը զայրոյթը կը պատէ հոգիդ ու հարց կու տաս՝ թշնամի երկիրներ պիտի յաջողի՞ն մեզ ստրկացնել այնքան, որ Արցախի ժողովուրդին ազատ ապրելու պայքարը ծաղր ու ծանակի առարկայ դարձնեն. . . Պիտի յաջողի՞ն այնքան սպառնալ հայութեան, որ երկրի վարչապետն իսկ յայտարարէ, թէ Արցախի ազատագրական պայքարով երեսուն տարի ատրպէյճանցիներուն անդորրը խանգարած է հայ ազատամարտիկը, իսկ հիմա իր պատիժը պիտի կրէ երեսուն տարի ալ Ատրպէյճանին վրէժը համտեսելով։

Միթէ՞ վարչապետը չէր հասկցած, թէ ինչո՛ւ արցախցին զէնք բարձրացուցած ու Սումկայիթներ կրկնուած չտեսնելու համար անջատած էր իր հայրենի հողը բռնատիրական Ատրպէյճանի լուծէն՝ արդար իրաւունքը պաշտպանելով։
Երեսուն տարի արցախահայութիւնը ոչ թէ միայն կասեցուց Ատրպէյճանի բռնարարքները, այլեւ փորձեց բանակցութեամբ վերջ տալ արցախեան տագնապին, սակայն Ատրպէյճան միշտ ալ տապալել փորձեց բանակցութիւնները, որովհետեւ չընդունեց հայութեան գոյութիւնը ու պիտի չընդունի, այնքան ատեն որ դիմադրութիւն, պայքար ու դիւանագիտական հմտութիւն չի տեսներ իր դիմաց։ Ատրպէյճան իր հաշուոյն վերջակէտեր կ’ուզէ դնել արցախեան հարցին՝ Հայաստանի վարչապետին իսկ բերնով արցախահայութեան իրաւունքները անդառնալի դարձնող հաստատումներ խլելով։

Ատրպէյճանի ցեղասպանական արարքը արդարացնելու փորձ չէ՞ր միթէ Հայաստանի վարչապետին արտայայտութիւնը. այն վարչապետին, որ ընտրուած էր պաշտպանելու Հայաստանի ու Արցախի շահերը. . . ։
Խաղաղութեան համաձայնագիրի քողին տակ Ատրպէյճանի ոճրային արարքները հայութեան վերագրելը կամ անգիտութեան, կամ ալ հայկական Արցախի գոյութիւնը ծանր բեռ համարելու հիւանդագին մտածողութեան արդիւնք է։

Խաղաղութեան կը ձգտին բոլոր քաղաքական ուժերը անկասկած, սակայն անդառնալի զիջումները, մէկ ու միասնական ժողովուրդը պառակտելով անոր պայքարը անարգող ու թշնամին արդարացնող պետական այրերու արտայայտութիւնները պարարտ հող կը պատրաստեն հակառակորդի սանձարձակ քայլերուն։
Պետական ինչպիսի՞ մտածողութեան արդիւնք է սա, որ կ’այրէ ետդարձի բոլոր կամուրջները, նոյնիսկ արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքը յեղյեղուկ կը դարձնէ ու թշնամիին կը հրամցնէ հայութեան ստորացման վկայականը, իբրեւ թէ պատերազմի վտանգը հեռացնելով։

Միթէ՞ այս տրամաբանութեամբ փորձ կը կատարուի հասարակութիւնը յանցաւորի դիրքի մէջ դնելու, անոր մարտունակութիւնը խամրեցնելու եւ նախապատրաստելու զայն նոր զիջումներու՝ յանուն «խաղաղութեան» միակողմանի տենչերու։

Այդ ո՞ր խաղաղութիւնն է, որ կը հիմնուի միակողմանի իրաւունքներու վրայ։ Ուժերու անհամատեղելիութիւնն իսկ պատճառ չի կրնար ըլլալ ժողովուրդին իրաւունքները մէկընդմիշտ արհամարհելու։ Պաղեստինցիները քարերով սկսան իրենց պայքարը, յիշենք, այդ ալ ամէնէն արդիական զէնքերով զրահապատուած Իսրայէլի դէմ. . . ։