Միքայէլ Կուրճեանի «Ամերիկացի» Ժապաւէնը Պիտի Ներկայացուի Լիբանանի Մէջ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Կատակերգական Տրամա, Հայրենիքը Վերագտնելու,
Թէկուզ Բանտի Ճաղերուն Ետեւէն Անսահմանօրէն Սիրելու,
Անսպառ Համբերութեան Յոյսի Եւ Սիրոյ Մասին Է

Կազմակերպութեամբ ՋԱՀ (Ջաւախք, Արցախ, Հայաստան) յանձնախումբին, ուրբաթ, 28 Յունիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի պիտի ունենան բեմադրիչ եւ գլխաւոր դերասան Մայքըլ Կուրճեանի «Ամերիկացի» ժապաւէնին ցուցադրութիւնը: Այս առիթով մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք ժապաւէնը:

Հայաստանի մէջ նկարահանուած «Ամերիկացի» ժապաւէնին անդրանիկ ցուցադրութիւնը կայացած է հայրենիքի մէջ` «Ոսկէ ծիրան-2022» միջազգային ժապաւէնի փառատօնին, Երեւանի «Արամ Խաչատրեան» համերգասրահին մէջ:

Ժապաւէնին երազային նախաբանը կը պատմէ հայ երիտասարդի մը մասին, որ Համաշխարհային Ա. պատերազմի ժամանակ կը փրկուի օսմանեան բանակի դաժանութիւններէն: Անոր աչքերուն առջեւ կը գծագրուի Արարատ լերան պատկերը, հակառակ անոր որ անիկա կը գտնուի ժամանակակից Թուրքիոյ տարածքին, սակայն խոր ու լուրջ նշանակութիւն ունի հայ ժողովուրդին համար` իբրեւ ազգային խորհրդանիշ: Տասնամեակներ անց` 1947 թուականին, տղամարդը, որուն անունը Չարլի է, կը վերադառնայ Հայաստան եւ կը յայտնուի «կատակերգութեան» կիզակէտին մէջ:

Չարլի` Միացեալ Նահանգներ ապաստան գտած, ընդառաջելով Խորհրդային Միութեան հայրենադարձութեան կոչին, կու գայ Հայաստան: Չարլիի` հայրենիքին հետ կապուած բոլոր յոյսերն ու սպասումները շուտով կը մարին, երբ ամերիկահայ հայրենադարձը կը բախի համայնավարութեան դաժան իրականութեան հետ: Չարլի կը դատապարտուի իր «արեւմտեան հակումներուն»` փողկապ կապելու անհեթեթ յանցագործութեան մեղադրանքին պատճառով, կը ձերբակալուի ու կը բանտարկուի:

Չարլի հայերէնին չի տիրապետեր, եւ իբրեւ ամերիկացի` հայաստանեան մշակոյթը իրեն համար բոլորովին խորթ է, հետեւաբար յաճախակի անհասկացողութիւններն ու թիւրիմացութիւնները, ինչպէս նաեւ իր կրած հերթական ֆիզիքական պատիժները պատճառ կը դառնան, որ Չարլի ընկճուի եւ յանձնուի:

Իրավիճակին ամբողջ լրջութիւնն ու սարսափը գիտակցելով  միատեղ` Չարլի պատահմամբ կը յայտնաբերէ, որ իր բանտախուցի արտաքին պատը վնասուած է երկրաշարժի պատճառով` յառաջացնելով ճեղք մը, որուն մէջէն կրնայ տեսնել բանտին մօտ գտնուող բազմաբնակարան շէնքի տուներէն մէկուն մէջ ապրող հայ զոյգ` Ռուզանն ու Տիգրանը, դերասաններ` Նարինէ Գրիգորեանը եւ Յովիկ Քէօչքրեանը: Անոնք շուտով կը դառնան Չարլիի միակ կապը արտաքին աշխարհին հետ: Չարլի, իր խուցին մէջ, անոնց հետ կը ճաշէ, կ՛ընթրէ, կ՛երգէ, կը պարէ, կ՛ուրախանայ, կը տխրի, կը խնդայ, կու լայ եւ նոյնիսկ, առանց իսկ անդրադառնալու, կը սկսի ճանչնալ իրեն համար նախապէս բոլորովին անծանօթ հայկական մշակոյթը:

Տեղեկացնենք, որ «Ամերիկացի»-ին գլխաւոր դերասանական կազմը գերազանց է: Ժապաւէնին բեմագիրը, բեմադրիչն ու գլխաւոր դերակատարը ամերիկահայ գրող եւ դերասան, «Էմմի» մրցանակի դափնեկիր Միքայէլ Կուրճեանն է, որ վարպետօրէն կը մարմնաւորէ Չարլին: Շատերը հաւանաբար Կուրճեանը յիշեն «Party of Five» պատկերասփիւռի ֆիլմաշարէն:

Համաշխարհային ճանաչում ունեցող «Money Heist» («La casa de papel») ֆիլմաշարէն յայտնի լիբանանածին, այժմ սպանահայ դերասան` Յովիկ Քէօչքրեանի փայլուն կատարումը հիանալի է ու բնական: Հաճելի է նաեւ «Սօս Սարգսեան»-ի անուան Համազգայինի թատրոնի  կազմէն Նարինէ Գրիգորեանի, Արման Նաւասարդեանի ու Դաւիթ Յակոբեանի արհեստավարժ կատարումները տեսնելը: Ժապաւէնին արտադրիչներն են` Արման Նշանեանը, Սոլ Թրիոնը, Պատրիկ Մալխասեանը, Անի Որսկանեանը, իսկ արտադրող ընկերութիւնն է` «People Of Art Productions»-ը:

«Ամերիկացի»-ին երաժշտութիւնը գրած է հանրածանօթ երաժիշտ, երգահան եւ խմբավար Անդրանիկ Պէրպէրեանը, իսկ երաժշտութիւնը ձայնագրուած է Հայաստանի Ազգային սենեկային նուագախումբին կողմէ` ի դէմս մայեսթրօ Էդուարդ Թոփչեանի եւ գլխաւոր մենակատար` ջութակահար Անուշ Նիկողոսեանի:

Ակնդիրները նաեւ պիտի վայելեն տաղանդաւոր թառահար եւ երգահան Միքայէլ Ոսկանեանի ու շարք մը այլ ժողովրդական նուագարաններու կատարողներու գեղեցիկ ու իւրայատուկ երգերը: Անոնք իրենց հմայիչ կատարողութեամբ հաղորդած են ե՛ւ ազգային ե՛ւ դասական նուագարաններու առանձնայատկութիւնները` քանոն, տուտուկ, ուտ, թառ, դափ, կոպալ, սանթուր, բլուլ, կիթառ, քլարինեթ, ալթ գործածելով:

Ժապաւէնին ընթացքը բնական է, երկխօսութիւնը` քիչ, սակայն կատակերգութիւնը` անպակաս: Լրջօրէն գնահատելի է ժապաւէնին բեմադրական ձեւաւորումը, որուն ընդմէջէն ցուցադրուած տեսարանները դիտողը կը տեղափոխուի Խորհրդային Հայաստան:

Միքայէլ Կուրճեան ժապաւէնը նուիրած է իր պապիկին, որ տեսած է 1915 թուականի արհաւիրքը: Ան փորձած է վերստեղծել իր անձնական ողբերգութիւնը` հաւաքելով այն ամէնը, որ իրմէ խլած էին տակաւին ծնելէն շատ առաջ:

«Ամերիկացի»-ն զգացումներով ու ապրումներով լի գործ մըն է, որ ա՛նպայման կ՛արժէ դիտել, մանաւանդ անոնք, որոնք հետաքրքրուած են Խորհրդային Հայաստանի «Մեծ հայրենադարձութեան» յաճախակի ողբալի պատմութիւններով: Միքայէլ Կուրճեանի ժապաւէնը Խորհրդային Հայաստան հայրենադարձուած եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրած Չարլիի յուզիչ պատմութիւնն է` հայրենիքը վերագտնելու, թէկուզ բանտի ճաղավանդակներու ետեւէն անսահմանօրէն սիրելու անսպառ համբերութեան, յոյսի եւ սիրոյ մասին է: Ժապաւէնը նաեւ բուժիչ բալասան կը հանդիսանայ նոյնիսկ ամենակարծրացած հոգիներուն համար, որովհետեւ յոյսի եւ ամենավատ պայմաններու մէջ գոյատեւելու արուեստի մասին է:

Միքայէլ Կուրճեանի «Ամերիկացի» Շարժանկարը
Զանազան Մրցանակներ Շահած Է Միջազգային
Եւ Հայկական Շարժափառատօններու Ընթացքին

Բեմադրիչ Միքայէլ Կուրճեանի «Ամերիկացի» ժապաւէնը Նիւ Եորքի «Վուտսթոք» (Woodstock) շարժափառատօնին ճանչցուած է յաղթող` «Լաւագոյն գեղարուեստական ժապաւէն» անուանակարգին մէջ, իսկ շարժանկարի նկարահանումներու որակի պատասխանատու Ղասեմ Իպրահիմեան նոյն շարժափառատօնին նուաճած է «Լաւագոյն շարժանկարի նկարիչի աշխատանք» անուանակարգը:

Համպուրկի շարժափառատօնին, որուն ընթացքին ներկայացուած են հարիւրէ աւելի ժապաւէններ, «Ամերիկացի»-ն ստացած է «Հանդիսատեսի համակրանք» մրցանակը:

Հայկական «Ամերիկացի» ժապաւէնը «Օսքար-2024»-ի 96-րդ մրցանակաբաշխութեան «Լաւագոյն միջազգային ժապաւէններ»-ու կարճ ցուցակին մէջ յայտնուած է` միջազգային խաղարկային 15 ժապաւէններու ցուցակին, դառնալով Հայաստանէն առաջին ժապաւէնը, որ կ՛ընդգրկուի «Օսքար»-ի զտումներու ցանկին մէջ, հասնելով եզրափակիչ փուլ:

Հաղորդենք, որ ժապաւէնը «Օսքար-2024»-ի աւարտական զտումներուն լաւագոյն հնգեակ չանցաւ, սակայն հակառակ վերոնշեալին` «Ամերիկացի»-ն մեծ ձեռքբերում կը համարուի հայկական շարժանկարի արտադրութեան պատմութեան մէջ եւ կը մնայ առաջին հայկական ժապաւէնը, որ ընդգրկուեցաւ «Օսքար-2024»-ի 96-րդ մրցանակաբաշխութեան մրցութային փուլին, հակառակ որ ունէր «մրցակիցներ» բազմաթիւ երկիրներէ անուանի բեմադրիչներու նշանաւոր ժապաւէններ:

Միքայէլ Կուրճեանի «Ամերիկացի» ժապաւէնը Իտալիոյ «SALERNO» միջազգային շարժափառատօնին պաշտօնական մրցութային ծրագրին մէջ արժանացած է «Լաւագոյն օտարալեզու ժապաւէն» անուանակարգին (Winner Best Film):

Եւ վերջապէս, «Ամերիկացի» ժապաւէնին երաժշտութեան համար երգահան, երաժիշտ եւ երաժշտական արտադրիչ Անդրանիկ Պէրպէրեան «Անահիտ» 4-րդ մրցանակաբաշխութեան ծիրին մէջ արժանացած է մրցանակի` «Ժապաւէնի լաւագոյն երաժշտութիւն» անուանակարգին:

«ՋԱՀ»