
ՀՀ Իշխանութիւններէն Կը Պահանջենք Զերծ Մնալ Բռնութիւն, Ատելութիւն եւ Թշնամանք Սերմանելու Նենգ ու Վտանգաւոր Դրսեւորումներէն․ Յայտարարութիւն
Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Արդարութիւն», «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն», «Արցախի Ժողովրդավարական Կուսակցութիւն» եւ «Ազատ Հայրենիք-ՔՄԴ» խմբակցութիւնները հրապարակեցին հետեւեալ յայտարարութիւնը.
«21 Յունիսին Հայաստանի Հանրապետութեան Արցախի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութեան տարածքին մէջ տեղի ունեցած միջադէպը վեր հանեց այն փաստը, որ Հայաստանի գործող իշխանութիւնները հատած են իրաւական, բարոյական արժէքներու սահմանը։ Արցախի հանդէպ նմանօրինակ վերաբերմունքը շարունակութիւնն է օրեր առաջ՝ 12 Յունիսին, իրականացուած բռնաճնշումներուն, որ կը վկայէ, որ յանուն իշխանութեան պահպանման՝ անոնք պատրաստ են ոտնահարելու երկրի Սահմանադրութիւնը եւ անհամաչափ ուժ ու յատուկ միջոցներ կիրառելով սեփական ժողովուրդին դէմ, կասկածի տակ կը դնեն Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդավարութիւնը եւ իրաւական պետութիւն ըլլալու յանձնառութիւնը: Մեզի համար անընդունելի ու խստիւ դատապարտելի են այսպիսի երեւոյթները։
ՀՀ իշխանութիւնները արդէն տեւական ժամանակ է, որ ժողովրդավարութեան քողին տակ կը թիրախաւորեն արցախցիներու տարբեր խումբեր ու անհատներ, կիրառելով անոնց դէմ բռնաճնշումներ, խտրական վերաբերմունք՝ օգտագործելով «հայաստանցի-ղարաբաղցի» պառակտիչ բառապաշար։
Նման պայմաններու տակ միաժամանակ տեղին կը համարենք երախտագիտութեան խօսք յղել հազարաւոր ՀՀ մեր հայրենակիցներուն, որոնք արհամարհելով արհեստականօրէն ստեղծուած բաժանարար գիծերը, անցած ինը ամիսներուն ընթացքին՝ մեզի համար դժուարին օրերուն, ամէն ինչ ըրած են մեղմելու արցախահայութեան բարոյահոգեբանական եւ ֆիզիքական ցաւը։
Վտանգաւոր եւ անընդունելի է ներհանրային համերաշխութիւնը խարխլող եւ Արցախի հայութեան արժանապատուութիւնը վիրաւորող բոլոր այն արարքները, յայտարարութիւններն ու ելոյթները, որոնք կը դրսեւորեն ոչ միայն ընկերային ցանցերու վրայ լայնօրէն տարածուած իրական կամ կեղծ օգտատէրերու միջոցով, այլեւ ՀՀ Ազգային Ժողովի ամպիոնէն՝ իշխող քաղաքական ուժի ներկայացուցիչներու կողմէն հնչած:
Հայրենիքի եւ ազգային արժանապատուութեան համար պայքարը իւրաքանչիւր քաղաքացիի, բոլոր ժողովուրդներու անքակտելի իրաւունքն է, ուստի կը պահանջենք ՀՀ իշխանութիւններէն զերծ մնալ բռնութիւն, ատելութիւն եւ թշնամանք սերմանելու նենգ ու վտանգաւոր դրսեւորումներէն:
Երեւան,
24 Յունիս 2024թ.
«Արդարութիւն» խմբակցութիւն
«ՀՅ Դաշնակցութիւն» խմբակցութիւն
«Արցախի Ժողովրդավարական Կուսակցութիւն» խմբակցութիւն
«Ազատ Հայրենիք- ՔՄԴ» խմբակցութիւն»