Լոյս Տեսած է «Հայկական Հարցի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան Արխիւի Տեղեկագիր Մատեան. Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարան» Գիրքը

Հայաստան, Սփիւռք

Երկուշաբթի, Յունիս 24-ին, տեղի ունեցած է «Հայկական հարցի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան արխիւի տեղեկագիր մատեան. Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարան» գիրքի երեւանեան շնորհանդէսը։ Գիրքին հեղինակներն են Լուսինէ Սահակեան, Անի Ոսկանեան եւ Անի Սարգսեան։ Այս մասին կը հաղորդէ «ԵՐԿԻՐ»-ը։

Ուսումնասիրութիւնը իրականացուած է ԵՊՀ Հայագիտական հետազօտութիւններու ուսումնարանէն ներս՝ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի հետ համագործակցաբար։

Գիրքին մէջ առաջին անգամ ցուցակագրուած եւ մանրամասն նկարագրուած են 1938 թ.-էն Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանին մէջ պահուող 1919-1922 թթ. Կ. Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Զաւէն Տէր-Եղիայեանի հովանիին ներքոյ ստեղծուած «Տեղեկատու դիւանի»՝ «Հայկական հարցի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան» 11 տուփերէ բաղկացած անմշակ այս արխիւի առաջին տուփին վաւերագրերը՝ համապատասխան ծանօթագրութիւններով։

Արխիւին մէջ հաւաքուած են հայ եւ օտար քաղաքական, հասարակական, հոգեւոր գործիչներու, դիւանագէտներու բազմաթիւ զեկոյցներ, տեղեկագրեր, նամակներ, ականատեսներու վկայություններ եւ օրագրեր, ինչպէս նաեւ՝ Առաջին աշխարհամարտէն առաջ եւ ետք Արեւմտեան Հայաստանի, Կիլիկիոյ եւ Օսմանեան Կայսրութեան հայաբնակ այլ վայրերու հայ բնակչութեան, որբերու, բռնի իսլամացած ու առեւանգուած հայերու, նիւթական կորուստներու վիճակագրական ցանկեր, առաջնորդարաններէն Կ. Պոլսոյ պատրիարքարան ուղարկուած նամակներ, Օսմանեան իշխանութիւններու հայերու բնաջնջման հրամանագրեր, երիտթուրք ոճրագործներու անուանացանկեր, քեմալականներու իրականացուցած ոճրագործութիւնները վկայող վաւերագրեր եւ այլն։