
Սուրիոյ Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն Առաջադրուած է Մարիա Գաբրիէլեանի Թեկնածութիւնը
Լրագրող եւ իրաւաբան Մարիա Գաբրիէլեան հալէպահայութեան կողմէ առաջադրուած է Սուրիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններուն՝ համայնքային միասնական թեկնածու։ «Փաստինֆո»-ն Հալէպի հայ համայնքի ներկայացուցիչներէն պարզած է, որ Մարիա Գաբրիէլեանին սատարելու համար կոչով հանդէս եկած են Հալէպի Հայ առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական եկեղեցիներու հոգեւոր առաջնորդները։
Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան 250 պատգամաւորի տեղ ունեցող խորհրդարանի՝ Ժողովորդական ժողովի հերթական ընտրութիւնները պիտի կայանան Յուլիս 15-ին։ Լիազօրութիւնները աւարտող խորհրդարանին մէջ սուրիահայութիւնը ներկայացուած էր երկու պատգամաւորով՝ Ժիրայր Ռէիսեան եւ Լիւսի Պալեան, որոնք այս անգամ չեն առաջադրուած։
Մարիա Գաբրիէլեան հալէպահայութեան աշխուժ ազգային, հասարակակական գործիչներէն է։ Աւարտած է Հալէպի եւ Դամասկոսի համալսարաններու իրաւաբանութեան եւ լրագրութեան բաժանմունքները։