«Տաւուշը Յանուն Հայրենիքի» Շարժումը Նոր Մտապատկերով Հաւաքի Մասին Յայտարարեց

Հայաստան

Այս Կիրակի` Յունիս 23-ին, ժամը 19:00-ին` նոր մտապատկերով ՀԱՒԱՔ Սուրբ Աննա եկեղեցւոյ բակին մէջ։ Այս մասին կը տեղեկացնէ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումը։

«ԵՐԿԻՐ»-ը կը փոխանցէ, որ այսօր Տաւուշի մարզին մէջ Բագրատ Սրբազանը լրագրողները տեղեկացուց, որ վաղը հանդիպում նախատեսուած է տարբեր խումբերու հետ։

«Առաջին հանդիպումը տեղի է ունենալու Գագիկ Մելքոնեանի հետ, որն ահագին աւերուածութիւններ է գործել բանակում, պէտք է պատասխան տայ դրա համար։ Երեկոյեան էլ հանդիպում կայ երիտասարդների հետ։ Պէտք է այցելենք նաեւ կալանաւորուած անձանց ընտանիքներին»,- յայտնեց Բագրատ Սբազանը։

Անդրադառնալով այն հարցին, թէ ըստ իշխանութիւններուն՝ մարզերու այցելութիւններով կը նախապատրաստուին 2026թ․-ի Խորհրդարանական ընտրութիւններուն, Սրբազանը ծիծաղեցաւ, յետոյ՝ ըսաւ․ «2026թ․-ին Հայաստան կը մնա՞յ, մեղք են իրենք ուղղակի»։