ԵՄ Անդամակցութեան Քողի Տակ Իրականացուող Սահմանադրութեան Փոփոխութիւններով՝ Իշխանութիւնը Կը Բաւարարէ թուրք-ազրպէյճանական Հերթական Պահանջը. Հայտարարութիւն

Աշխարհ, Հայաստան

ԱԺ-ի մէջ ընդդիմադիր ֆրակցիաներու կողմէ հրաւիրուած «Կառավարութեան հրաժարականի եւ նոր կառավարութիւն ձեւաւորելու անհրաժեշտութեան մասին» թեմայով արտահերթ նիստին զուգահեռ, որուն ՔՊ-ն հերթական անգամ խախտելով Սահմանադրութիւնը հրաժարեցաւ մասնակցիլ, փոխարէնը ԱԺ քննարկման օրակարգ բերաւ «Հայաստանի` Եւրոպական միութեան անդամակցութեան յայտ ներկայացնելու հարցով հանրաքուէ իրականացնելու առաջարկին շուրջ» լսումներ իրականացնելու հարցը:

Մեր կարծիքով այս հարցը ներկայիս օրակարգ բերելը խիստ արհեստական է, աշխարհաքաղաքական իրողութիւններէ կտրուած եւ ներքաղաքական իմաստով՝ կեղծ։ Անիկա նպատակ ունի շեղելու հանրութեան ուշադրութիւնը գործող իշխանութիւններու հեռացման իրական օրակարգէն:

Կը կարծենք, որ իշխանութիւններուն կողմէ այս օրակարգին առաջ բերելուն իրական նպատակը Սահմանադրութեան փոփոխութեան հանրաքուէի իրականացման հարցն է, որ կրնայ զուգորդուիլ Հայաստանի` Եւրոպական միութեան անդամակցութեան յայտ ներկայացնելու հարցին վերաբերեալ հանրաքուէով: Ասիկա կը կատարուի այն պարզ պատճառով, որ ԵՄ անդամակցութեան քողին տակ իրականացուող Սահմանադրութեան փոփոխութիւններով բաւարարեն թուրք-ազրպէյճանական հերթական պահանջը։

Իշխաննութիւնները եւ նախագիծին հեղինակները նախ եւ առաջ պէտք է ազնիւ կերպով հանրութիւնը իրազեկեն եւ պատասխանեն հետեւեալ հարցին՝ արդեօ՞ք ՀՀ-ն պէտք է դուրս գայ ԵԱՏՄ-էն՝ հաշուի առնելով, որ ԵՄ-ն առաջին հերթին մաքսային միութիւն է։ Նկատի ունենալով ՀՀ ձեւաւորուած առեւտրա-տնտեսական յարաբերութիւնները, տնտեսութեան եւ արտաքին առեւտուրի կառուցուածքը, նման քայլը կրնայ խիստ վնասակար ըլլալ Հայաստանի տնտեսութեան համար:

ԵՄ անդամակցութեան հարցը կրնայ լուծուիլ բացառապէս ԵՄ-Հայաստան բանակցութիւններուն մէջ ձեռք բերուած համապատասխան փոխադարձ համաձայնութիւններու միջոցով։ Հանրաքուէի միջոցով անդամակցութեան յայտ ներկայացնելու վերաբերեալ ԵՄ կողմէ դրական արձագանգի հնարաւոր բացակայութիւնը լրջագոյն հարուած պիտի ըլլայ երկրի հեղինակութեան։ Պատահական չէ, որ ԵՄ անդամակցութեան թեկնածու ԱՊՀ նախկին պետութիւնները՝ Ուքրանիան, Մոլտովան, Վրաստանը յայտ ներկայացնելու համար հանրաքուէներ չեն անցուցած։

Այսօրինակ նախաձեռնութիւններով իշխանութիւնը պիտի շարունակէ պառակտումը հասարակութեան մէջ, տանելով նոր բաժանումներու՝ հակառուսական, հակաեւրոպական պիտակաւորումներով։

ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութիւն

21.06.2024թ.