Հողերը Յանձնեցին, Բայց Այլ Մարդու Ձեռք Կտրուեցաւ․ Սերգէյ Յարութիւնեան

Հայաստան

«Երբ երէկ ոստիկանական բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ կը բանակցէինք, որ ճանապարհը բանան, ինչու փակած են, կ՝ըսէին. «Շինութիւն ենք պաշտպանում»։ Այդ շինութիւնը այսօր ալ այստեղ է, ի՞նչ փոխուեցաւ, պարզուեցաւ, որ շինութիւնը չէին պաշտպաներ՝ մարդ, անձ կը պաշտպանէին։ Շինութիւնները պիտի մնան անձերը պիտի երթան»,- Բաղրամեան պողոտային վրայ յայտարարեց «Հինգ իրաւապաշտպաններու նախաձեռնութեան» անդամ փաստաբան Սերգէյ Յարութիւնեան։

Ան յայտնեց, որ լուսաձայնային նռնակները կը նետէին կիներու, տատիկներու, երեխաներու մանկական սայլակներուն ուղղութեամբ։

Նշելով որ անոն ք«Զարեա 3» նռնակներ են, որոնք կ՝օգտագործուին ահաբեկչական խմբաւորումները չէզոքացնելու համար՝ փաստաբանը ըսաւ. «Պարզ է, որ ատոր նպատակը ոչ թէ ենթադրեալ գործողութեան կանխելն էր, այլ ապօրինի կը կիրառուէր։ Այնպէս կ՝երեւի, որ այստեղ յանցագործներ էին խաղաղ բնակչութիւնը, կանայք, փոքրահասակ երեխաները։ Պարզ է, որ այդ տղայի ձեռքը որ կտրուեցաւ, այդ նոյն յաջողութեամբ կրնար իյնալ մանկական սայլակին մէջ, երեխային դպչէր, կամ ոեւէ անձի գլխուն։ Հողերը յանձնուեցան, բայց այլ մարդու ձեռք կտգրուեցաւ»։