
Երկրէն Ներս Պատերազմ Յայտարարած Որեւէ Իշխանութիւն Չի Կրնար Խաղաղութիւն Բերել Իր Երկրին. Դիւանագէտներու Համահայկական Խորհուրդ
Դիւանագէտներու համահայկական խորհուրդը խստագոյնս կը դատապարտէ Յունիս 12-ին խաղաղ ցուցարարներու նկատմամբ ոստիկանական ուժերու կողմէ ակնյայտ սադրանքը, բիրտ ու անհամաչափ ուժի կիրառումը, մարդոց անօրինական առեւանգումը եւ զանգուածային ձերբակալութիւնները, կանանց, անչափահասներու, տարեցներու ահաբեկումը, ինչպէս նաեւ իրենց մասնագիտական պարտքը կատարող լրագրողներու հանդէպ իրականացուած դաժան բռնութիւնները։
«Տարբեր կարգի մարմնական վնասուածքներ ստացած են հարիւրէ աւելի քաղաքացիներ։ Ակնյայտ է, որ ներկայ վարչախումբը վեջնականապէս որդեգրած է ամէն գնով սեփական իշխանութիւնը պահպանելու բռնատիրական ուղին։ Կ՝արձանագրենք, որ ոստիկանական ուժերուն կողմէ յատուկ միջոցներու կիրառումը սկսաւ, երբ Շարժման առաջնորդը հանդիպման հրապարակային առաջարկ ըրաւ գործող իշխանութիւններուն։
Ասիկա մէկ անգամ եւս կ՝ապացուցէ այն փաստը, որ մերժելով երկխօսութիւնը՝ Փաշինեանը անդառնալիօրէն խզած է կապը ժողովուրդին հետ եւ չեղարկած ՀՀ քաղաքացիներու հետ իր իսկ հռչակած քաղաքացիական պայմանագիրը։ Երկրէն ներս պատերազմ յայտարարած որեւէ իշխանութիւն չի կրնար խաղաղութիւն բերել իր երկրին։
Ասոր իսկ մասին Դիւանագէտներու համահայկական խորհուրդը ահազանգած էր Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած օտարերկրեայ ներկայացուցչութիւնները եւ միջազգային կազմակերպութիւնները, ինչպէս տարբեր յայտարարութիւններով, այնպէս ալ դեսպանութիւններու հետ ընթացող շարունակական հանդիպումներու ընթացքին։
Յունիս 12-ին տեղի ունեցածը նաեւ վերոյիշեալ ներկայացուցչութիւններու, միջազգային կառոյցներու, իրաւապաշտպան զանազան կազմակերպութիւններու համարժէք արձագանգի բացակայութեան արդիւնք էր։ Կ՝ակնկալենք մեր միջազգային գործընկերներուն սկզբունքային կեցուածքը՝ յանուն ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներու եւ օրէնքի գերակայութեան»,-ըսուած է յայտարարութեան մէջ։