Կարեւոր Է Յառաջիկայ Գործընթացները Իրենց Տրամաբանական Եզրայանգումին Հասցնել Կարենալը․ Բագրատ Սրբազան

Հայաստան

Ժամը երեքին բոլորը կը հրաւիրեմ ներկայ գտնուելու այստեղ: Կարեւոր է յառաջիկայ գործընթացները իրենց տրամաբանական եզրայանգումին հասցնել կարենալը։ Բաղրամեան պողոտային վրայ՝ լրագրողներու հետ զրոյցին ընթացքին՝ ըսաւ Բագրատ Սրբազանը, Երեքշաբթի, 11 Յունիսին։

Մինչ այդ, Երկուշաբթի օր Բաղրամեան պողոտային մէջ իր ելոյթին ընթացքին Բագրատ Սրբազան դիտել տուաւ․ «12 Յունիսը մեր տուած ժամանակի վերջնաժամկէտն է, չափազանց կարեւոր օր է: Կարեւորագոյն իրադարձութիւններ պիտի ըլլան, բոլորիդ ներկայութիւնը պարտադիր է: Այստեղ մեծ թելադրող ուժ պիտի ըլլայ: Եթէ այստեղ երեկուան չափ ուժ եղաւ, մեր հարցերը հանգիստ ձեւով պիտի լուծուին, ո՛չ իրենց փշալարերը պիտի օգնեն իրենց, ո՛չ ջրցանները, ոչ ալ իրենց ահասարսուռ տեսքը: Մենք մեր պահանջը պիտի իրականացնենք մեր յամառութեան շնորհիւ: Իւրաքանչիւրդ հեռաձայնեցէ՛ք ձեր ծանօթներուն եւ հրաւիրեցէ՛ք այստեղ, կու գան, լաւ, չեն գար, յետոյ կու գան: Այս մարդիկը հեռացնելու միակ ուղին մեր պարտադրանքն է: Ձեր միտքը լաւ պահեցէ՛ք ` 12 Յունիսին, ժամը 15:00-ին, այդ օրը մեր կեանքին մէջ շատ բան կրնայ փոխել»: