
Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականն ու քպ-ական Իշխանութեան Հեռացումը Այլընտրանք Չունին. Յայտարարութիւն
Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականն ու քպ-ական իշխանութեան հեռացումը չունին այլընտրանք։ Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է Հայկական արժէքներու պաշտպանութեան «Կամք» հասարակական նախաձեռնութիւնը:
«Հայկական Արժէքներու Պաշտպանութեան «Կամք» հասարակական նախաձեռնութիւնը Սրբազան Պայքարին կը մասնակցի առանց պաշտօնապէս անոր միացած ըլլալու։ «Կամք»-ը առաջին իսկ օրերէն ողջունած է «Տաւուշը յանուն Հայրենիքի» շարժումը եւ, հակառակ այն հանգամանքին, որ առ այսօր պաշտօնական յայտարարութիւն չէ եղած Սրբազան պայքարին միանալու, սակայն անմնացորդ աջակցած է եւ կը շարունակէ աջակցիլ, ինչպէս նաեւ աշխոյժ կերպով կը մասնակցի կազմակերպուած բոլոր միջոցառումներուն եւ գործողութիւններուն։ Մենք կը գիտակցինք, որ այս պայքարը հայրենիքի ճակատագրով մտահոգ իւրաքանչիւր մարդու համար է։
Հայկական Արժէքներու Պաշտպանութեան «Կամք» հասարակական նախաձեռնութիւնը հիմնադրուած է «քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան կողմէ Հայաստանի մէջ իշխանագրաւում իրականացնելէն անմիջապէս ետք՝ փորձելով հակազդել Հայաստանի մէջ ազգային արժէքներու նկատմամբ գործադրուող ոտնձգութիւններուն։ «Կամք»-ը պայքարի առաջամարտիկներէն եղած է սթամպուլեան համաձայնագրի վաւերացման, Սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէի, արայիկ յարութիւնեանի թրքական կրթական չափորոշիչներու ընդունման, Հայաստանի մէջ արեւմտեան պիոլապորատորներու դէմ պայքարին, ինչպէս նաեւ Արցախի նկատմամբ ազգադաւ գործընթացներու ժամանակ հայկական շահերը պաշտպանելու ժամանակ։
Աւելին, մենք Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ կողքին եղած ենք այսպէս կոչուած «Նոր Հայաստան, նոր Հայրապետ» հակաեկեղեցական, ապազգային շարժման ալիքի առաջին իսկ օրերէն սկսեալ։ Իսկ ներկայիս «Հեռացնենք նիկոլը» սեփական օրակարգէն զատ, ինչպէս արդէն վերը նշեցինք, Բագրատ Սրբազանի եւ անոր Սրբազան Պայքարի աջակիցն ու աշխոյժ մասնակիցն ենք։ Այդ է պատճառը, որ այսօր ակնյայտ քաղաքական նկատառումներով եւ շարժառիթներով հետապնդում կ՝իրականացուի «Կամք»-ի հիմնադիր Վահագն Չախալեանի նկատմամբ, եւ ան կը գտնուի խստացուած տնային կալանքի մէջ՝ քաղաքական պայքարէն մեկուսացնելու նպատակով։
Մեր անդամներուն նկատմամբ այսօր ալ կան տասնեակ քրէական գործեր, որոնց միակ նպատակն է մեզ մեկուսացնել եւ զերծ պահել ազգակործան իշխանութեան դէմ պայքարէն։ Նկատի ունենալով այս ամէնը, մէկ անգամ եւս կը վերահաստատենք մեր նպատակը եւ կը յայտարարենք՝
Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականն ու քպ-ական իշխանութեան հեռացումը չունին այլընտրանք։ Մենք մինչեւ այդ պահը կանգնած պիտի ըլլանք պայքարի կիզակէտին բոլոր անոնց կողքին, որոնք անկեղծօրէն կը պայքարին այդ նպատակը կեանքի կոչելու համար։ Այս պահուն Բագրատ Սրբազանի կողմէ առաջնորդուող Սրբազան Պայքարը չունի այլընտրանք։
Մեզ կ՝ոգեշնչէ Սրբազան Հօր «Չակնկալիքներու» գաղափարախօսութիւնը, եւ մեր մէջ յոյս կ՝արթնցնէ, որ կրնայ իսկապէս Հայաստանի փրկութեան գործընթացին ծիրէն ներս ձեւաւորուիլ այնպիսի ուժ, ուր անհատները չեն ունենար անձնական նկրտումներ եւ կը նուիրուին մէկ միասնական նպատակի իրագործման, այն է՝ Հայաստանի հզօրացումը եւ Արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքի իրացումը:
Լիայոյս ենք, որ այս շարժումը հաւատարիմ կը մնայ իր սկզբունքներուն պայքարի ամբողջ ընթացքին, ինչպէս նաեւ փաշինեանի եւ անոր ազգակործան խմբակի հեռացումէն ետք։ Այս ակնկալիքով մենք անմնացորդ կանգնած ենք Բագրատ Սրբազանի կողքին եւ մեր մասնակցութիւնը կը բերենք Սրբազան Պայքարին՝ անմնացորդ ծառայելով Հայաստանի հզօրացման գաղափարին, որ համայն հայութեան սրբազան նպատակն է»։