
Քանդուած Կամուրջը` Հայրենիք- Սփիւռք Միասնականութեան․ Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեան
Հրանուշ Յակոբեանի Գիրքին` «Հայրենիք-Սփիւռք Գործակցութեան
Տասնամեայ Ուղին» Գիրքի Հրատարակութեան Առիթով
ՍԵԴԱ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ-ԽՏԸՇԵԱՆ
Անցնող աւելի քան եօթը տասնամեակներուն թերեւս Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը չէ ունեցած այնքան բեղուն, այնքան ազատ եւ ջերմ աշխատակցութիւն եւ ո՛չ ալ այն տարողութիւնն ու թափանցիկութիւնը, հանգիստ ու ազատ գործելաոճը, որ ունեցաւ 2008- 2018 տասնամեակին: Շատ մը ազդակներ եւ հանգամանքներ, յատկապէս Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի տարելիցին նուիրուած նշումներուն համար ստեղծուած յանձնաժողովներու միացեալ գործակցութիւնը նպաստեցին այդ յարաբերութիւններու հանգիստ ու անկաշկանդ հաղորդակցութեան: Այսուամենայնիւ, գիրքին վերնագիրը կը հաստատէ ոգին, որ կ՛ընդգրկէր այդ տասնամեակին, արտայայտելով այն հոգեբանութիւնը, որ կը տիրէր ամէնուրեք:
Հայրենիք եւ սփիւռք կ՛որակէ հեղինակը վերնագիրը, եւ ո՛չ Հայաստան եւ սփիւռք եզրոյթը, որ տասնամեակներով թիւրաբար պարփակեց մեր ժողովուրդը հերձող հասկացողութիւնը: Առաջինին մէջ կը խտանայ սփիւռքահայուն հասկացողութիւնը Հայաստանի նկատմամբ, որ է` հայրենիք եւ ոչ սոսկ Հայաստան մը, որ պետութիւն է եւ պետական շահերով առաջնորդուած էութիւն մը: Իսկ սփիւռք հասկացողութիւնը այստեղ չի վերաբերիր Լիբանանի մը, Ամերիկայի մը, կամ Ֆրանսայի մը մէջ գտնուող հայ համայնքներուն միայն, այլ` սփիւռք մը, որ մայր Հայաստանէն անճիտուած, կոտորածի եաթաղանէն ճողոպրած հազար հազարներով տեղահանուած հայեր են տարածուած` աշխարհով մէկ` Միջին Արեւելքի, Եւրոպայի, Ամերիկայի եւ աշխարհի տարբեր տարածքներուն ու վերածուած լիբանանահայու, ֆրանսահայու, կամ ամերիկահայու: Բայց բոլորին սրտերուն մէջ «Հայաստան ասելիս» հայրենիքն է, որ կը զարթնի, ա՛յն հայրենիքը, որուն ամէն մէկ սփիւռքահայ կը տենչայ, որ` պատկանելիութեան հզօրութեան ամբողջ տարողութիւնը կ՛ընդգրկէ, որ` կը տանի զինք դէպի իր պապենական հողն ու տունը` Վան, Մուշ, Վասպուրական, Խարբերդ, Զէյթուն, Մարաշ, Սվազ, Այնթէպ, Կիլիկիա, որ այսօրուան Հայաստանէն արիւնով մասնատուած, խլուած հող է, տարածք է, իր պապերուն տունն ու կանչն է:
Ահաւասիկ այս նրբութեան խորապէս գիտակից մարդն է հեղինակը, որ ընթերցողին ուշադրութեան կը յանձնէ, երբ «Հայրենիք եւ սփիւռք գործակցութեան տասնամեայ ուղին»-ին կ՛որակէ իր գիրքին վերնագիրը:
Հեղինակը ՀՀ սփիւռքի նախարարն էր, որ սփիւռքի զանգուածներուն մէջ կրցաւ տեսնել հայրենիքի կարօտով բաբախուն սրտերը, եւ տասը տարի հեզասահ, հանգիստ ու անկաշկանդ, հարազատ ու թափանցիկ գործեց ու կամրջեց երկու անջրպետները` ըմբռնելով հոգեբանական խորունկ իրողութիւնը, որ տարիներով ընկճած էր հայը, եւ որ` ընդհանրապէս կը վրիպէր այլ պետական պաշտօնեաներու ուշադրութենէն:
«Հայրենիք եւ սփիւռք գործակցութեան տասնամեայ ուղին» գիրքը կ՛ընդգրկէ ծաւալուն երեք հատորներ, գրեթէ` երկու հազար էջ, (1994 էջ), իւրաքանչիւրը առանձին` շուրջ 670 էջ հաշուող տասնամեայ բեղուն ու ծաւալուն գործունէութեան ընթացքին հայրենիքի թէ սփիւռքի մէջ, համահայկական ժողովներուն, համագումարներուն, գիտաժողովներուն եւ բազմաթիւ Հայաստանն ու սփիւռքը յուզող այլ հարցերու առնչուող հանդիպումներուն ընթացքին հեղինակին արտասանած խօսքերը, ելոյթներն ու նամակները:
Գիրքը խմբագրած է բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր Վլատիմիր Կատվալեան, իսկ յառաջաբանը ընդարձակ ծանօթութիւններով գրած է պատմական գիտութիւններու դոկտոր, ՀՀ ԳԱԱ թղթակից անդամ Ալպերթ Խառատեան:
Առաջին հատորին մէջ կ՛ամփոփուին ՀՀ պետական քաղաքականութիւնը Հայաստան-սփիւռք բնագաւառէն ներս, համահայկական համաժողովներու ձեռնարկներու եւ մասնագիտական համաժողովներու արտասանուած ելոյթներուն մէջ:
Բ. հատորին մէջ` հայոց լեզուի եւ հայագիտութեան հիմնախնդիրներուն, համահայկական կառոյցներու հետ գործակցութեան եւ համայնքներու հետ հանդիպման առիթներով արտասանուած ելոյթները: Իսկ Գ. հատորը կը պարփակէ կարեւոր իրադարձութիւններու, սուրիահայերու, տօնական եւ յոբելենական հանդիսութիւններու առիթներով արտասանուած ելոյթները:
Այս ելոյթներէն կ՛արտացոլան` սփիւռքի նախարարութեան ռազմավարական ծրագիրները, կապերու ամրապնդման միջոցներն ու հնարքները, անդրադառնալով իւրաքանչիւր համայնքի, կառոյցի, կազմակերպութեան իւրայատկութեանն ու առանձնախնդիրներուն: Իր խօսքերը ուղղուած են առհասարակ երիտասարդ սերունդին` մեր ապագան, յոյսն ու ապաւէնը ամփոփող զանգուածին, եւ հայ կնոջ, որ դերակատար է ընտանիքի միջոցով պահել լեզուն ու հայ մշակոյթը` ազգի մը գոյութեան խարիսխները:
Հեղինակը հիանալի կերպով կը դիտարկէ հայրենիք- սփիւռք յարաբերութիւններու մէջ քաղաքական, ազգային, պատմական, հոգեւոր, մշակութային բոլոր հատուածներն ու հանգամանքները` անդրադառնալով Հայաստանի պետութեան քաղաքական վարքագծին եւ սփիւռքի ներուժին օգտագործման` յանուն Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու հզօրացման: Տասնամեակ մը ամբողջ իւրաքանչիւր պահ ու վայրկեան օգտագործած է բացայայտելու, արծարծելու, լուծումներ որոնելու քաղաքական, ազգային, ինքնութեան խնդիրներուն, հայապահպանման, լեզուի եւ ինքնութեան հարցերուն, որոնց իրազեկ դարձած է սփիւռքի գաղթօճախներուն մէջ իր այցելութիւններուն, սփիւռքի կառոյցներուն, պատասխանատուներուն եւ անհատներուն հետ հանդիպումներուն եւ շփումներուն ընթացքին:
Հեղինակը լաւապէս իրազեկ է համաշխարհայնացման ուժերու դէմ սփիւռքի կրթական հաստատութիւններու պայքարին, հոգեբանական եւ ազգային խնդիրներուն, որոնք բոլորը կը վերաբերին ինքնութեան հարցերուն, եւ որոնց հանդէպ խոր յարգանքով կը վերաբերի` արժանանալով սփիւռքի բոլոր ղեկավարներուն ու առաջնորդներուն հիացմունքին ու յարգանքին: Հեղինակը քաջածանօթ է հայ ժողովուրդի մշակութային ժառանգութեան, հայոց պատմութեան. առ այդ, իր խօսքը` տէր կանգնելու անոնց, պատմական յիշողութիւնը փոխանցելու նոր սերունդին, սփիւռքի անգնահատելի դերին ազգային պահանջատիրութեան մէջ, ամէն մէկ ելոյթ կը վերածէ գոհարի մը, նոր գաղափարներու, մտքերու գործադրութեան, հայրենիք-սփիւռք կապերու ամրապնդման առաջարկներով:
Բոլո՛ր ելոյթներուն մէջ ճոխ մտքերով ու գաղափարներով, բազմաբնոյթ տարբերակներով առաջարկներ կը ներկայացնէ` առաջնորդուելու Հայաստան-սփիւռք ներդաշնակ համագործակցութեան: Հարուստ ու ճոխ գաղափարները ջրվէժի նման կը յորդին` գրիչին տալով անկաշկանդ սլացք, ըսելիքը բարձրաձայնելու յախուռն ու գեղարուեստական թռիչքով:
Իւրաքանչիւր ելոյթի մէջ կ՛արտացոլայ իր քաջածանօթ գիտութիւնը արծարծուած նիւթին ու համայնքին մասին, կ՛անդրադառնայ սփիւռքի եւ ՀՀ պետութեան յարաբերութիւններու ներքին ծալքերուն, քաղաքականութեան, եւ ապագայի գործակցութեան հնարաւորութիւններուն ու միջոցներուն մասին: Բոլորին մէջ շեշտուած են ազգային արժէքներու, ինքնութեան պահպանման խարիսխները` ընդգծելով միշտ երեք հիմնախնդիրներ, որոնք կը պայմանաւորեն սփիւռքահայու, թէ՛ հայու գոյութիւնը առհասարակ, եւ որոնց վրայ պէտք է գուրգուրալ` մայրենի լեզուն, հայ մշակոյթը, հայ ընտանիքը եւ Հայ եկեղեցին:
Հրանուշ Յակոբեան մօտէն կը ճանչնայ` սփիւռքի հոգեբանութիւնը, ցաւը, կարիքները, թափած ճիգերն ու զոհողութիւնները, եւ այդ ճանաչողութիւնը զինք կը դարձնէ աւելի գիտակից, աւելի յանձնառու ու պատասխանատու Հայաստանի պետութեան դերին ու պատասխանատուութեան նկատմամբ` յանուն ազգապահպանման համար կատարուած աշխատանքներուն, Հայաստան-սփիւռք կապերու ամրապնդման, գործակցութեան զարգացման, հայրենադարձութեան ծրագիրներու մշակման, ապահովելու անոր գործակցութիւնը` միշտ համաձայն Հայաստանի սահմանադրութեան պահանջներուն:
Հրանուշ Յակոբեան վեց անգամ յաջորդաբար նշանակուած է սփիւռքի նախարար: 2013 հոկտեմբեր 22-ի հրամանագիրով սփիւռքի նախարարութիւնը կը հանդիսանայ` «Գլխադասային մարմին ՀՀ գործադիր իշխանութեան եւ տարածքային կառավարման մարմինների համակարգում` հայկական սփիւռքի հետ յարաբերութիւնների կարգաւորման բնագաւառում, համակարգում է Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան իրականացումը, ամփոփում եւ գնահատում է Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան զարգացմանն ուղղուած գործառոյթների կատարման վերաբերեալ տեղեկութիւնները: Դառնալով ամենամեծ եւ գլխաւոր համահայկական ցանցը, որ կը գործէ հայկական աշխարհի մէջ` Հայ եկեղեցւոյ, կառոյցներուն` Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, Հայ կաթողիկէ եւ Հայ աւետարանական եկեղեցիներու հետ համատեղ, աշխատանքներ կազմակերպելու աւանդական կուսակցութիւնների, համահայկական կառոյցների եւ կազմակերպութիւնների եւ անհատ գործիչների հետ» (Ա. գիրք էջ 41):
Ուրկէ կը բխէր հարիւրամեակի առթիւ հրապարակուած Համահայկական հռչակագիրը: Եւ հանգիտաբար Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ միջազգայնացման հարցին ու գործընթացին մէջ Հայաստանի պետութեան դերին անփոխարինելիութիւնն ու հրամայականը: Այս ուղղութեամբ դերակատար եղաւ Հայոց ցեղասպանութեան հռչակագրի գաղափարին ու պատրաստութեան, որ դարձաւ հիմնաքարը հայրենիք-սփիւռք տասնամեակներու կարծրատիպերը շրջանցելու եւ ազգային գաղափարախօսութիւն ձեւակերպելու նախաքայլերուն: Իբրեւ մէկ ժողովուրդ, մէկ ազգ, միացեալ ուղեգիծ ճշդելու շղթային ոսկէ օղակը հանդիսացաւ Համահայկական հռչակագիրը, որ անքակտելիօրէն կը միացնէր Հայաստանն ու սփիւռքը` ամրապնդելով երկու կողմերու գործակցութիւնը, գիտակցելով եւ արժեւորելով երկուքին լրացուցիչ դերին կարեւորութիւնն ու անփոխարինելիութիւնը:
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի տարելիցի գործունէութիւնը դարձաւ անկիւնաքարը Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան: Նախարարին յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը սփիւռքի բոլոր կառոյցներուն հետ` կրօնական, քաղաքական եւ մշակութային, առանց ներքաշուելու մէկուն կամ միւսին կողմը, հաւասարակշռուած վերաբերումով ազգային կեդրոններուն, կազմակերպութիւններուն եւ անձերուն հետ, հարցերու պարզաբանման, կազմակերպման եւ գործադրութեան մէջ եղաւ համակարգող եւ ունկնդիր` բերելով իր ու պետութեան անվերապահ զօրակցութիւնը` իբրեւ նեցուկ, սատար հանդիսանալով անոնց պատշաճ եւ արժանաւոր իրագործման:
Սփիւռքի նախարարութիւնը` որպէս պետական կառավարման մարմին, չէր նմաներ այլ նախարարութիւններու, որովհետեւ սփիւռքը ենթակայ չէր ՀՀ կառավարութեան, կարելի չէր սփիւռքի հետ հրամաններով կամ հրահանգներով գործել, եւ ասոր շատ լաւ գիտակից էր սփիւռքի նախարարութիւնը. հետեւաբար սփիւռքը կը դիտէր որպէս գործընկեր, փոխադարձ վստահութեան վրայ հիմնուած, հարցերուն համատեղ, միասին լուծումներ գտնելու ճանապարհով առաջնորդուելու: Իսկ ծրագիրներու իրագործման մէջ պիւտճէի առիւծի բաժինը կ՛երթար սփիւռքի երիտասարդութեան` քաջալերելով անոնց հայրենիք տունդարձին, կ՛ըսէ Հ. Յակոբեան իր գրառումներուն մէջ: Հետեւաբար շատ բարձր գնահատելի էր իր կեցուածքը հարիւրամեակի ձեռնարկներու կազմակերպման մէջ իբրեւ խորհրդատուի դիրքորոշումով ներկայութիւն մը ըլլալու հանգամանքը, առանց հարցերուն մէջ պետութիւնը միջամուխ դարձնելու: Կարելի է ըսել, որ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի տարելիցին նուիրուած գործունէութիւնն ու սփիւռքի նախարարութեան տասնամեայ գործունէութեան շրջանը եղաւ ոսկեդարը անցնող եօթանասուն տարիներուն հայրենիք-սփիւռք գործակցութեան, հոգ չէ թէ շատ բան կար սրբագրելի կամ կրկին անգամ արծարծելի, բայց, աւա՜ղ, տեւեց շատ կարճ:
17 Մարտ 2024
(Շար. 1)