
Յայտնի են Լիբանանի Ուշու Սանտայի Առաջնութեան Հայ Մետալակիրները
Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած է Լիբանանի Ուշու Սանտայի (չինական ըմբշամարտ) 2024 թուականի առաջնութիւնը:
«ԵՐԿԻՐ»-ի տեղեկութիւններով՝ մարզիչ Գէորգ Չաքմաքչեանի գլխաւորութեամբ՝ մրցոյթի մասնակից մարզիկներէն 18-ամեայ Գրեկ Մազագեանը դարձած է ոսկիէ, 19-ամեայ Ենովք Տէր Խաչատուրեանը՝ արծաթէ, 13-ամեայ Զարեհ Գրիգորեանը՝ պրոնզէ մետալակիր: