Անցումային Կառավարութիւնը Պէտք Վերկուսակցական Ըլլայ. Բագրատ Սրբազան

Հայաստան, Սփիւռք

«Անկախ նրանից ով կը լինի, անցումային կառավարութիւնը պէտք է լինի վերկուսակցական կառավարութիւն, պէտք է ունենայ 3 կարեւոր հարցադրումների օրակարագ` ներքին, արտաքին եւ յառաջիկայի որոշակի պարտաւորութիւններ»: Այս մասին, այսօր ՏՃ (տեղեկատուական ճարտարարուեստի) մասնագէտներու հետ հանդիպման ժամանակ, ըստ «ԵՐԿԻՐ»-ի, ըսաւ Բագրատ Սրբազանը:

Ան յայտարարեց, որ իրենք տարբեր ոլորտներու մասնագէտներու հետ կը հանդիպին եւ կը խնդրեն ամէն ոլորտէ 3 մասնագէտ ներգրաւել` ըստ իրենց ցանկութեան եւ ունակութեան:

«Այս պահին մեթոտը սա է, ուրիշ մեթոտ չկայ եւ ես հաւատում եմ, որ այդ պահն այդքան կարեւոր չի, քան՝ յետոն, քանի որ մարդիկ որոշակիութեան վրայ են գնում, ոչ թէ անորոշութեան: Կարծում եմ մենք այսօր կոլեգիալ պատասխանատուութեան հրամայականի առջեւ ենք կանգնած, որն իր ենթաշերտում անպատասխանատուութեան խնդիր էլ ունի, երբ բոլորը բոլորի վրայ են գցում»,-ըսաւ ան: Բագրատ Սրբազանը նաեւ ըսաւ, որ իրենք խնդրած է համայնքներէն, որ իրենք պատուիրակեն այդ 3 հոգին: