
Անտարբեր Մի՛ Ըլլաք, Եկէք Փրկե՛նք Մեր Հայրենիքը․ Քաղաքացիներուն Կոչը (տեսանիւթ)
«ԵՐԿԻՐ»
Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ Սրբազանի առաջնորդած շարժման մասնակիցները այսօր առաւօտեան հաւաքուած էին Կառավարութեան շէնքին դիմաց, ուր ժամը 11-ին նախատեսուած էր կառավարութեան հերթական նիստը: Ի դէպ, Կառավարութեան շէնքին մօտ բերուած են մեծ թիւով սեւբերետաւորներ եւ ոստիկանական ուժեր, նոյնիսկ՝ ետեւի մուտքին մօտ:
Յիշեցնենք, որ նախօրէին Բագրատ Սրբազանը յայտարարած էր, որ իր նպատակն է քաղաքական ամբողջ ներկապնակը տեսնել եւ հանդիպիլ տարբեր ձեւաչափերով։
«Յառաջիկայ քանի մը օրերուն ընթացքին բոլորը միասին պիտի հանդիպին։ Մեր նախանշած ուղեգիծն ու ծրագիրը մենք կ՝ուզենք այս շաբթուան մէջ աւարտել։ Յառաջիկայ շաբթուան մէջ պիտի հանդիպինք, այդպէս նաեւ ձեզի տեղեկացնելու յստակ ինչ գործողութիւններ տեղի պիտի ունենան»,- նշած էր ան: