Ուրուկուէյի Ներկայացուցիչներու Պալատը Միաձայնութեամբ Կողմ Քուէարկած է 24 Ապրիլը Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակի Օր Հռչակող Օրինագիծին
Ուրուկուէյի Ներկայացուցիչներու պալատը 14 Մայիսին միաձայնութեամբ (74 կողմ ձայն՝ 74 ներկայ պատգամաւորներէն) հաւանութիւն տուած է իւրաքանչիւր տարի 24 Ապրիլը «Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օր» հռչակող օրէնքի նախագիծին, որ պետական բոլոր պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի կայանները կը պարտաւորեցնէ իւրաքանչիւր տարի 24 Ապրիլին միաժամանակ անդրադառնալ Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթին: Այս մասին յայտնած է DiarioArmenia-ն։
Նշուած է, որ այս նախաձեռնութիւնը Ծերակոյտին կողմէ հաւանութեան արժանացած է 7 Մայիսին, ուստի, եթէ Գործադիրի կողմէն որեւէ դիտարկում չըլլայ, անիկա որպէս օրէնք պիտի հրապարակուի յառաջիկայ օրերուն։
Հաւանութեան արժանացած օրինագիծը իր միակ յօդուածով կը սահմանէ, որ իւրաքանչիւր տարուան 24 Ապրիլը կը յայտարարուի «Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օր»՝ ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի տեսալսողական կայաններու ծառայութիւններով։
Նախագիծը ներկայացուցած են խորհրդարանականներ Նազմիկ Քամարկոն, Մարիա Եւկենիա Ռոսելոն, Խուան Մարթին Ռոտրիկես եւ Միքայէլա Մելկար։
Պատգամաւորներ Փետրօ Ճիստոնեան, Գարլոս Վարելան, Ռաֆայէլ Մենենտեսը, Իւան Փոսաթան, Մարիա Եւկենիա Ռոսելոն, Ֆելիփէ Ալկորթան, Ուկօ Քամարան, Ուպալտօ Այթան եւ Խուան Մարթին Ռոտրիկեսը մասնակցած են խորհրդարանական բանավէճին՝ յօգուտ նախագիծին։
Իրենց ելոյթներու ընթացքին անոնցմէ քանի մը հոգի դատապարտած են այն ձեւը, որով Թուրքիոյ ժխտողականութիւնը եւ անոր անպատժելիութիւնը խթանած են Ատրպէյճանի յանցագործութիւնները Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներուն նկատմամբ վերջին տարիներուն, ներառեալ հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը:
Ըստ աղբիւրին, երկու պալատներու կողմէն հաստատուած նախագիծը հիմնուած է Աւետարանական եկեղեցւոյ դոկտոր Լուստաւօ Վանեսքահեանի նախաձեռնութեան վրայ, որ հրապարակային դառնալէ վերջ ստացած է հայ համայնքի տարբեր հաստատութիւններուն՝ Ուրուկուէյի Հայ Դատի խորհուրդին աջակցութիւնը:
Ուրուկուէյի Ծերակուտականներու պալատը 7 Մայիսին միաձայնութեամբ կողմ քուէարկած էր իւրաքանչիւր տարի 24 Ապրիլը «Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օր» հռչակող օրէնքի նախագիծին, որ պետական բոլոր պատկերասփիւռին եւ ռատիոալիքներուն կը պարտաւորեցնէ իւրաքանչիւր տարի 24 Ապրիլին միաժամանակ անդրադառնալ Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթին: