Կը Սատարե՛նք «Տաւուշը Յանուն Հայրենիքի» Շարժումը. Ռուսիոյ Հայերու Միութիւն

Հայաստան, Սփիւռք

Յայտարարութիւն

Մենք՝ Ռուսիոյ Հայերու միութեան խորհուրդի ընդլայնուած նիստի մասնակիցներս՝ ՌԴ բոլոր տարածաշրջանները ներկայացնող աշխարհի ամենամեծ հայկական կազմակերպութեան տարածաշրջանային եւ տեղական բաժանմունքներու ղեկավարները (Մոսկուա, Մոսկուայի մարզ, Կրասնոդարի երկրամաս, Կեմերովօ, Ստաուրոպոլ, Ուլիանովսկ, Օմսկ, Նովոսիբիրսկի մարզ, Տուլա, Եարոսլաւլ, Կամչատկա, Նիժնի Նովգորոդ, Բրիանսկ, Տամբով, Իւանովօ, Վորոնէժ, Սարատով, Թաթարստան, Բաշկրտոստան եւ այլն), հայկական շարք մը ազգային-մշակութային միաւորումներու ղեկավարները (Հայ Դատ, Ջաւախքեան սփիւռք, «Արարատ», Ռուսիոյ մէջ բնակող Հայաստանի քաղաքացիներու ընկերակցութիւն եւ այլն), հոգեւորականութեան ներկայացուցիչները, հայկական գիտակրթական, մշակութային, զինուորական, դիւանագիտական, երիտասարդական, մարզական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները՝ քննարկելով Հայաստանի մէջ տիրող իրավիճակը, ՀՀ իշխանութիւններուն կողմէ տարուող քաղաքականութեան հետեւանքով անոր գոյութեան սպառնացող վտանգները, որոնք կը տանին.

– Երկրի ինքնիշխանութեան կորուստի եւ ազգային արժէքներու անշրջելի վնասներու՝ հրաժարելով «Հայաստան-Արցախ-Սփիւքռ» եռամիասնութենէն

– Հայ-ռուսական յարաբերութիւններու նպատակադրուած վատթարացման, ներառեալ՝ պաշտպանական ոլորտին մէջ, երբ կը բացակային Հայաստանի անվտանգութիւնը ապահովող այլ գործուն մեքենականութիւններ, որոնցմով ճանապարհ կը հարթում պաքուի կողմէ յետագայ յարձակման համար

– Տարածքային կորուստներու եւ անվտանգութեան համակարգի վատթարացման, որ ապագային աւելի պիտի բարդացնէ անվտանգութեան ամրապնդումը

– Դարերու ընթացքին Հայաստանի եւ հայերու հանդէպ՝ անկախ անոնց ապրելու երկիրներէն, ստեղծուած դրական համբաւի ոչնչացման՝ հասարակութեան մէջ բաժանարար գիծեր դնելով, ինչպէս նաեւ հոգեւոր եւ աշխարհիկ աւանդական հիմնարկներու արժեզրկման:

Աջակցութիւն կը յայտնենք Հայաստանի մէջ սկսած, կառավարութեան կողմէ տարուող ստորացուցիչ համաձայնուողական քաղաքականութիւնը սրբելու գործընթացին: Կոչ կ՝ընենք հայկական բոլոր հասարակական-քաղաքական հիմնարկներուն, Հայաստանի եւ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ապրող մեր հայրենակիցներուն՝ միաւորելու բոլոր հնարաւորութիւններն ու ջանքերը՝ օժանդակելու Բագրատ Արքեպիսկոպոսը՝ իբրեւ առաջնորդ, որ ստանձնած է «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» համաժողովրդական շարժման պատասխանատու առաքելութիւնը:

Խորհրդանշական է, որ հնագոյն քրստոնեայ ժողովուրդի հաղորդութիւնը կը կատարուի Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ շուրջ համախմբումով, որ բոլոր ժամանակներուն մէջ կանգնած եղած է մեր ինքնութեան պահպանման եւ հայ ազգային ազատագրական պայքարի առաջնագիծին վրայ:

Փաշինեանի կառավարման տարիներուն եղած են բոլոր պայմանները՝ ամրապնդելու երկրի պաշտպանունակութիւնը, օգտագործելու ընձեռնուած տնտեսական հնարաւորութիւնները, աշխոյժ աշխատելու միջազգային կառոյցներու մէջ, այլ ոչ թէ փճացնելու յարաբերութիւնները Հայաստանի բարեկամներու եւ դաշնակիցներու, Սփիւռքի հետ՝ նոր բարեկամներու կամ դաշնակիցներու հետ որեւէ պայմանագրերու եւ համաձայնագրերու բացակայութեան պայմաններուն մէջ: Բայց անոր իշխանութիւնը, «խաղաղութեան օրակարգ»-ի քօղածածկոյթին տակ, տարած է բոլորովին այլ քաղաքականութիւն: Եւ այսօր անիկա մատնուած է անգործութեան, երբ խօսքը կը վերաբերի ազգային շահերուն, սահմաններու եւ ազրպէյճանական զօրքի կողմէ աւելի քան երեսուն բռնագրաւուած բնակավայրերու պաշտպանութեան: Ի դէպ՝ նախանձելի աշխուժութեամբ կը պայքարի սեփական ժողովուրդին դէմ:

Փաշինեանի կառավարութիւնը չի մտածեր իր ժողովուրդին մասին, երբ ցուցադրաբար կը վարէ հակառուսական գիծ, թէեւ լաւ կը հասկնայ, թէ Հայաստանի քաղաքացիներու բարեկեցութիւնը ինչպէս պայմանաւորուած է Ռուսիոյ հետ տնտեսական յարաբերութիւններով՝ էներկակիրներ, հացահատիկ, մասնաւոր տրանսֆերտներ եւ այլ:

Օգտուելով այն բանէն, որ հայերը աշխարհի ամենախաղաղասէր ժողովուրդներէն մէկն են՝ Հայաստանի իշխանութիւնները մարդոց գիտակցութեան մէջ ձեռնավարական միջոցներով կը ներարկեն «կեղծ» օրակարգ, անտեսելով այն փաստը, որ նոյն ազրպէյճանը առաջ կը տանի այլ քաղաքականութիւն: Արցախի մէջ, հրապարակային ցինիզմով ցեղական զտում իրականացնելով եւ մինչ օրս գերութեան մէջ պահելով մեր հայրենակիցները, ներառեալ՝ ԼՂՀ նախկին բարձրագոյն ղեկավարութիւնը, ալիեւը այսօր բուն Հայաստանի բնակիչներուն կը սպառնայ տեղահանել իրենց տարածքներէն եւ տուներէն, կը պարծենայ, թէ փաշինեանի հետ երկխօսութեան ընթացքին խօսքի իրաւունքը պաքուինն է, որուն՝ «առաջին իսկ պահանջի պարագային՝ չորս գիւղ կը վերադարձուի» եւ կը յայտարարէ, թէ «այդպէս պիտի ըլլայ նաեւ յետագային»:

Փաշինեանը, ի պատասխան, միայն կը լռէ, իսկ սեփական ժողովուրդին կը սպառնայ պատերազմի հեռանկարով: Ան, պարտուելով պատերազմը եւ կապիտուլացիա ստորագրելով, անկարող ըլլալով կասեցնել կամ պատասխանել ալիեւի յարձակողական հռետորաբանութեան, իր համաձայնուողականութեամբ, բանակցութիւններու ժամանակ հայ ժողովուրդի շահերը արժանավայել ներկայացնելու տկարութեամբ մեզ կը տանի ոչ թէ խաղաղութեան, այլ՝ կը մօտեցնէ նոր պատերազմի եւ նոր զիջումներու:

Հարաւային Կովկասի մէջ, ուր խաղաղութեան կը ձգտին տեղի բոլոր ժողովուրդները, խաղաղութեան մասին կարելի պիտի ըլլայ խօսիլ միայն այն բանէն ետք, երբ Երեւանի մէջ իշխանութեան գան նոր, առողջ ուժեր եւ առաջնորդներ: Եւ որքան շուտ փաշինեանը հրաժարական տայ, այնքան մեր պետութիւնն ու ժողովուրդը քիչ կորուստներով կը յաղթահարեն այս իրավիճակը, այնքան իրատեսական կ՝ըլլայ երկրին ու տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ բարգաւաճման հեռանկարը:

Մենք կը դիմենք Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ ուժային կառոյցներու ներկայացուցիչներուն՝ ձեռնպահ մնալու անհնազանդութեան խաղաղ գործողութիւններու մասնակիցներուն, ներառեալ՝ լրագրողներու նկատմամբ անթոյլատրելի ուժային մեթոտներու եւ սպառնալիքներու կիրառումէն: Այդ մարդիկ, առանց այդ ալ ստորացուած ու ճնշուած են՝ վերջին տարիներուն Հայաստանի եւ Արցախի մէջ տեղի ունեցած գործընթացներէն, այսօր ստիպուած են դուրս գալու խաղաղ ցոյցերու՝ բարձր դասելով երկրի շահերը եւ իրենց զաւակներուն ապագան: Դուք նոյնպէս ամէն ինչ ըրէք, որպէսզի ձեր զաւակները կարենան հպարտութեամբ նայիլ իրենց հայրենակիցներուն աչքերուն, այլ ոչ թէ ամօթէն հայեացքները թեքեն:

Նաեւ կը նախազգուշացնենք տարատեսակ զանգուածային լրատուամիջոցները՝ սկսեալ տարբեր bloger-ներէն եւ Telegram ալիքներէն, մինչեւ կայքէջեր, այլ ելեկտրոնային եւ տպագիր լրատուամիջոցներ, նաեւ՝ պետական, անոնց կողմէ կեղտոտ արհեստագիտութիւններու միջոցով, զրպարտութեամբ, վիրաւորանքով եւ այլ հակահասարակական գործողութիւններով հասարակութիւնը մոլորութեան մէջ դնելու անթոյլատրելիութեան մասին:

Մենք համոզուած ենք, որ միայն մեր համախմբումը կրնայ կասեցնել իւրաքանչիւր հայու համար կործանարար այս գործընթացները եւ վերականգնել բարձր զարգացած ու մարդկային կարողութիւններ ունեցող ազգին համբաւը:

Մենք Ճիշդի եւ Արդարութեան կողմէն ենք:

Կը սատարե՛նք «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումը: