«Միասնական Ո՛չ Հողային Զիջումներուն» Խորագիրով Ձեռնարկ` Այնճարի Մէջ

Հայաստան, Սփիւռք

«ԱԶԴԱԿ»

Լիբանան գտնուող Հայաստանի Ազգային ժողովի  պատգամաւոր, «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեան այցելեց Այնճար եւ  Հայաստանի ներկայ կացութեան վերաբերող զեկուցական հանդիպում մը  ունեցաւ Այնճարի հայութեան հետ, «Սարգիս Զէյթլեան» կեդրոնին մէջ:

Ան ներկայացուց Հայաստանի քաղաքական վերջին իրադարձութիւններն ու զարգացումները` լուսարձակի տակ առնելով այն իրականութիւնը, որ հայ ժողովուրդին համբերութիւնը սպառած է, եւ հիմնական փոփոխութիւններ կ՛ակնկալուին: Մինասեան մանրամասնօրէն անդրադարձաւ վերջին տարիներուն իշխող ապազգային  վարչակազմի ունեցած վնասակար գործունէութեան, որ մեծ կորուստներու պատճառ դարձած է եւ սպառնալիք է հայրենիքի ապագային համար: Պատգամաւորը մանրամասնօրէն պատասխանեց նաեւ ներկաներու բոլոր հարցումներուն` յոյս յայտնելով, որ Տաւուշէն ծնունդ առած ժողովրդային շարժումը յուսադրիչ է, եւ հայ ժողովուրդը իր վճռական որոշումը տուած է:

Յայտնենք, որ հանդիպումի ընթացքին ցուցադրուեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի Քարոզչական մարմինին պատրաստած տեսերիզը` ժողովրդային շարժումին մասին, ինչպէս նաեւ ներկաները առիթ ունեցան լսելու «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավարներէն, պաշտպանութեան նախկին նախարար Սէյրան Օհանեանի խօսքը:

Ներկաները իրենց անվերապահ զօրակցութիւնը յայտնեցին ժողովրդային այս շարժումին` այն յոյսով, որ անիկա կը յաջողի ազգն ու հայրենիքը ձերբազատել Փաշինեանի ազգակործան իշխանութենէն: