Կը Դատապարտենք Չընդհատուող Միակողմանի Զիջումներու Գործելակերպը Գործող Իշխանութեան Կողմէ․ Յայտարարութիւն

Հայաստան

ՀՀ գործող իշխանութիւնը չի դադրիր մեր երկիրն ու ժողովուրդը օր օրի ծանրացող վտանգներու առաջ կանգնեցնելով անմնացորդ կատարելու թշնամական երկրի ղեկավարի իւրաքանչիւր պահանջ:

Հայկական երկրորդ Հանրապետութեան բռնի հայաթափման գործը գլուխ հանելէ ետք՝ Արցախի պետական հիմնարկներու գործունէութեան դէմ այս օրերուն կատաղի պայքար մղելուն զուգահեռ՝ ՀՀ իշխանութիւնները նախապատրաստած են միակողմանի զիջումներու նոր փաթեթ։ Հերթը Տաւուշինն է՝ հայ-ազրպէյճանական սահմանագծի միակ ամուր եւ կահաւորուած առաջնագիծինը։ Տաւուշի գիւղերու յանձնումով ոչ միայն կը փլուզուի տասնամեակներով ամրացուած առաջնագիծը, այլեւ թշնամիի վերահսկողութեան տակ կ՝անցնին ռազմավարական կարեւոր նշանակութեան բարձունքներ, միջպետական ճանապարհը, կազատարը, հնարաւորութիւն կը տրուի ազրպէյճանական ռազմական ստորաբաժանումներուն ՀՀ հիւսիս-արեւելքի մէջ եւս խորանալու հայկական շարք մը բնակավայրերու խոր թիկունքը։

Ակնյայտ է, որ թշնամիին ախորժակը չի յագենար, Տաւուշի հատուածին վրայ միակողմանի զիջումներու հաշուին յարաբերութիւններու կարգաւորումը պիտի մնայ նոյնքան մշուշոտ եւ անհեռանկար, որքան չյանձնելու պարագային է։

Կը դատապարտենք չընդհատուող միակողմանի զիջումներու գործելակերպը գործող իշխանութեան կողմէ եւ զգօնութեան ու զգաստութեան կոչ կ՝ընենք մեր հայրենակիցներուն, քանի որ ասոնք զիջումներ են մեր եւ սերունդներու հաշուին։

Թշնամին օր օրի կը մօտենայ մեզմէ իւրաքանչիւրի տուն:

Նշենք, որ ՀՅԴ Նիկոլ Աղբալեան ուսանողական միութիւնը իրազեկման շարժում իրականացուցած է Դալմա Գարդեն մոլի մէջ։ Շարժման նպատակն է հանրութիւնը իրազեկել Տաւուշի մէջ միակողմանի զիջումներու հետեւանքներուն մասին։

ՀՅԴ Նիկոլ Աղբալեան Ուսանողական Միութիւն