
Հայաստանի Սահմանամերձ 31 Գիւղերու Տարածքները Կը Վերահսկուին ազրպէյճանի Զինուած Ուժերուն Կողմէ
Sputnik Armenia-ի հարցման ի պատասխան՝ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի աշխատակազմը պարզաբանած է, թէ որ գիւղերու տարածքները կը վերահսկուին ազրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ։ Նշենք, որ Փետրուար 15-ի ՀՀ կառավարութեան նիստին վարչապետ Փաշինեան հաստատած էր, որ սահմանամերձ 31 գիւղերու պատկանող հողատարածքներ կը գտնուին ազրպէյճանական բանակի վերահսկողութեան տակ։ 31 գիւղերու տարածքներէն 170 քառ. քլմ. գրաւուած է ազրպէյճանի կողմէ։
