
Մենք Եւրոպական Միութենէն Շօշափելի Քայլեր Կ՝ակնկալենք․ ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի Գրասենեակ
ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակին մեկնաբանութիւնը` Եւրոպական խորհրդարանի վերջին բանաձեւերուն մէջ Արցախին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վերաբերող դրոյթներուն վերաբերեալ․
Եւրոպական խորհրդարանը Փետրուարու 28-ի իր լիագումար նիստին ընթացքին ընդունած է 2023 թ. ԵՄ ընդհանուր արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան իրականացման, ինչպէս նաեւ ԵՄ պաշտպանական եւ անվտանգութեան ընդհանուր քաղաքականութեան վերաբերեալ տարեկան զեկոյցներ։ Ի սկզբանէ յիշեալ զեկոյցները եղած են Յունուար 16-ի լիագումար նիստի օրակարգին մէջ, սակայն քուէարկութիւնը յետաձգուած է Փետրուար 28:
Եւրոպական խորհրդարանի երկու զեկոյցներն ալ կարեւոր դրոյթներ կ՝ընդգրկեն Ղարաբաղեան հակամարտութեան, Արցախի մէջ ազրպէյճանի կողմէ իրականացուած ցեղական զտումներուն, Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ ազրպէյճանի յարձակումներուն, ինչպէս նաեւ ԵՄ-Հայաստան յարաբերութիւններուն վերաբերեալ։
ԵՄ ընդհանուր արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան իրականացման զեկոյցը խստօրէն կը դատապարտէ ազրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն դէմ նախապէս ծրագրուած եւ չարդարացուած յարձակումը, կոչ կ՝ընէ ազրպէյճանի իշխանութիւններուն թուլատրելու հայ բնակչութեան անվտանգ վերադարձը Լեռնային Ղարաբաղ՝ տրամադրելով իրենց իրաւունքներուն պաշտպանութեան ամուր երաշխիքներ։ Խորհրդարանը նաեւ կը պահանջէ պաշտպանել Արցախի մէջ հայկական մշակութային, պատմական եւ կրօնական ժառանգութիւնը՝ UNESCO-ի չափանիշներուն եւ ազրպէյճանի միջազգային պարտաւորութիւններուն համապատասխան։ Խորհրդարանը Արցախի նկատմամբ պաքուի յարձակումը կ՝որակէ որպէս միջազգային իրաւունքի եւ մարդու իրաւունքներու, 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան, ինչպէս նաեւ ԵՄ միջնորդութեամբ ընթացող բանակցութիւններուն մէջ ձեռք բերուած պարտաւորութիւններու կոպիտ եւ ակնյայտ խախտում։
Եւրոպական խորհրդարանի լիագումար նիստը նաեւ կ՝ընդգծէ, որ իրավիճակին վերաբերեալ խորհրդարանի բազմաթիւ նախազգուշացումները չեն յանգեցուցած ազրպէյճանի նկատմամբ ԵՄ քաղաքականութեան որեւէ փոփոխութեան։ Խորհրդարանը կը պնդէ, որ ազրպէյճանի հետ ԵՄ յարաբերութիւններու ցանկացած խորացում պէտք է պայմանաւորուի մարդու իրաւունքներու յարգման հարցով այդ երկրի զգալի յառաջընթացով, մասնաւորապէս՝ օրէնքի գերակայութեան, ժողովրդավարութեան եւ հիմնարար ազատութիւններու, ներառեալ ցեղական փոքրամասնութիւններու պաշտպանութիւնը։ Եւրոխորհրդարանը այնուհետեւ Եւրոպական միութեան կոչ կ՝ընէ անյապաղ պատժամիջոցներ կիրառելու ազրպէյճանի նկատմամբ եւ կասեցնելու ուժանիւթի ոլորտէն ներս ռազմավարական գործընկերութեան մասին փոխըմբռնման յուշագիրը։
Ի թիւս այլոց, Եւրոպական խորհրդարանը աջակցութիւն կը յայտնէ Հայաստանին, Հայաստանի մէջ ԵՄ քաղաքացիական առաքելութեան կոչ կ՝ընէ ուշադիր հետեւելու շրջանինի մէջ զարգացող անվտանգային իրավիճակին, թափանցիկ հաշուէտուութիւն տրամադրելու խորհրդարանին եւ աշխոյժ կերպով նպաստելու հակամարտութեան կարգաւորման ջանքերուն: Խորհրդարանը նաեւ Արտաքին գործողութիւններու եւրոպական ծառայութեան կոչ կ՝ընէ աջակցելու Հայաստանին՝ Խաղաղութեան եւրոպական հիմնադրամին միջոցով, մասնաւորապէս՝ խառնածին սպառնալիքներու դէմ պաշտպանունակութիւնը զօրացնելու նպատակով:
ԵՄ պաշտպանական եւ անվտանգութեան ընդհանուր քաղաքականութեան վերաբերեալ զեկոյցը նաեւ կ՝ընդգրկէ դրոյթներ, որոնք կը համընկնին միւս զեկոյցի դրոյթներուն հետ: Այս զեկոյցով Խորհրդարանը ԵՄ խորհուրդին նաեւ կոչ կ՝ընէ պատրաստ ըլլալու նպատակային եւ անհատական պատժամիջոցներ կիրառելու յարձակման հեղինակներուն դէմ, ներառեալ, բայց չսահմանափակուելով նախագահ ալիեւի քաղաքական եւ ռազմական շրջապատով, ինչպէս նաեւ ցանկացած պարագայի բացառելու ազրպէյճանէն քարիւղի եւ կազի ներկրումը։
Մեկնաբանելով յիշեալ զեկոյցներուն ընդունումը՝ ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան նկատած է.
«Եւրոպական խորհրդարանը հաւատարիմ կը մնայ իր գործառոյթին իբրեւ ժողովրդավարութեան պալատ՝ յստակ եւ առարկայական դիրքորոշում ընդունելով ազրպէյճանի թշնամական քաղաքականութեան վերաբերեալ, ինչպէս Արցախի, այնպէս ալ Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ։ Իբրեւ ԵՄ քաղաքացիներ՝ մենք երախտապարտ ենք մեր ընտրուած խորհրդարանականներու մեծամասնութեան՝ իրենց անաչառութեան համար: Այնուամենայնիւ, մենք պէտք է արձանագրենք, որ, դժբաշհաբար, ԵՄ գործադիր իշխանութիւնը վարած է եւ կը վարէ այլ քաղաքականութիւն՝ ի թիւս այլնի գովաբանելով ազրպէյճանի քարիւղային բռնատէրը իբրեւ «վստահելի գործընկեր»։ Ի վերջոյ, գործադիրը կը ձեւաւորէ իրականութիւնը: Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակը եւ անոր յանձնախումբերը պիտի շարունակեն իրենց ամէնօրեայ աշխատանքը ԵՄ ընտրուած ներկայացուցիչներուն հետ եւ պիտի շարունակեն ԵՄ գործադիրին իր քաղաքականութեան համար պատասխանատուութեան ենթարկելու աշխատանքները։ Մենք Եւրոպական միութենէն կ՝ակնկալենք շօշափելի քայլեր։
Եւրոպական խորհրդարանի բանաձեւերը հիմք կը հանդիսանան այդ քայլերուն համար»:
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ
29․02․2024թ․