Ընկերվար Միջազգայնականի Խորհուրդին Բանաձեւը Լեռնային Ղարաբաղի Հարցով

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Ապահովել ժողովուրդի հաւաքական վերադարձը, իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը, ՀՀ-ի հետ անխոչընդոտ ցամաքային կապը, կալանաւորուածներուն ազատ արձակումը

Ս.թ. Փետրուար 24-25 Մատրիտի մէջ իրականացաւ Սոցիալիստական Ինթըր-նասիոնալի (Սոցինթըրն, Ընկերվար միջազգայնական) խորհուրդի նիստը, Սպանիոյ սոցիալիստական աշխատաւորական կուսակցութեան (PSOE) կեդրոնատեղիին մէջ։

Շուրջ հարիւր երկիրներէ քաղաքական կուսակցութիւններ համախմբող մոլորակի խոշորագոյն քաղաքական այս կազմակերպութեան ՀՅ Դաշնակցութիւնը կ՝անդամակցի 1907թ․-էն։ ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին անդամ, ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդի անդամ Մարիօ Նալպանտեանը Սոցիալիստական Ինթըրնասիոնալի փոխնախագահներէն է, որ մասնակցած է խորհուրդի եւ նախագահութեան նիստերուն, եւ ընտրուած է ֆինանսական ու կազմակերպական հարցերու յանձնաժողովի անդամ։

Սոցինթըրնի նախագահ, Սպանիոյ վարչապետ Բետրօ Սանչեսը կազմակերպութեան նախագահութեան եւ խորհուրդի նիստերու իր բացման ելոյթներուն մէջ ակնարկած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին։

Սոցինթըրնի նախագահութեան եւ խորհուրդի նիստերուն, Մարիօ Նալպանտեան ներկայացուցած է ազրպէյճանի ցեղասպանական քայլերով Արցախի ցեղական զտման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակն ու մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան ուղղուած բռնութեան քայլերն ու սպառնալիքները եւ պահանջները։

Սոցինթըրնի խորհուրդը որդեգրած է Արցախի հարցով բանաձեւ, ուր կ՝ըսուի.

Սոցիալիստական Ինթըրնասիոնալը կ՝աջակցի Հայաստանի եւ ազրպէյճանի միջեւ բանակցութիւններուն՝ ուղղուած խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրման։ Տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման նպաստելու համար նման համաձայնութիւն պէտք է ձեռք բերուի առանց ուժի կամ անոր սպառնալիքի կիրառման՝ հիմնուած միջազգային իրաւունքի եւ դիւանագիտական փորձի վրայ՝ ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի վերջնական քաղաքական կարգաւորման ուղղուած միջազգայնօրէն հովանաւորուող խաղաղ գործընթացը եւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի հիմնարար իրաւունքներու եւ անվտանգութեան լիարժէք իրացումը իր պապենական տարածքին մէջ:

Համաձայն Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին եւ Հայաստանի ու ազրպէյճանի միջեւ հակամարտութեան վերաբերեալ մեր երկարամեայ սկզբունքային քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ հաշուի առնելով Արդարադատութեան միջազգային դատարանի 2023 թուականի Նոյեմբեր 17-ի որոշումը ժամանակաւոր միջոցներ կիրառելու վերաբերեալ, որ կը պարտաւորեցնէ ազրպէյճանը «ապահովելու այն անձերուն վերադարձը, որոնք լքած են Լեռնային Ղարաբաղը 2023թ․ Սեպտեմբեր 19-էն ետք եւ ցանկութիւն ունին վերադառնալու Լեռնային Ղարաբաղ․ կրնան ատիկա ընել անվտանգ, անխոչընդոտ եւ արագ» ինչպէս նաեւ հրաժարիլ «ցանկացած գործողութենէ, որ ուղղակիօրէն կամ անուղղակիօրէն ուղղուած է հայերը Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանելուն», մենք կոչ կ՝ընենք՝

1. Մինչեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի վերջնական քաղաքական կարգաւորումը եւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի հիմնարար իրաւունքներուն լիարժէք իրացումը՝ ապահովել ժողովուրդի հաւաքական, անկաշկանդ եւ անվտանգ վերադարձը հայրենիք։ Նաեւ՝ Լեռնային Ղարաբաղի համար միջազգային չափանիշներով երաշխաւորուած միջանկեալ կարգավիճակ ապահովել՝ երաշխաւորելով քաղաքացիական եւ քաղաքական իրաւունքներու ամբողջ ծաւալը, տրամադրելով Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի անվտանգութեան արդիւնաւէտ երաշխիքներ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի հետ անխոչընդոտ ցամաքային կապ։

2. Ազատ արձակել ռազմագերիները եւ կալանաւորուած անձերը։

3. Տարածաշրջանին մէջ փոխադրամիջոցի եւ կապի այլ միջոցները ապաշրջափակել ամբողջական կերպով եւ համաժամանակեայ՝ առանց ինքնիշխանութեան որեւէ սահմանափակման։

Սոցինթըրնը պատրաստ է աջակցելու այդ գործընթացներուն իբրեւ միջնորդ՝ իր միջոցով եւ իր անդամ կուսակցութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն մասնակցութեամբ:

Սոցինթըրնի խորհուրդի նիստը նաեւ որոշումներ կայացուցած է կազմակերպական հարցերու վերաբերեալ, որդեգրած Մատրիտեան հռչակագիրը։

Ընկերվար միջազգայնականը (Socialist International) ընկերվար-ժողովրդա-վարական, ընկերվարական եւ աշխատաւորական կուսակցութիււններ համախմբող համաշխարհային կառոյց է։ ՀՅԴ համապատասխան կառոյցները լիիրաւ անդամ են Կանանց ընկերվար միջազգայնականին (SIW) եւ Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութեան (IUSY)։ ՀՅԴ Երիտասարդականի կողմէ Սարինէ Աբրահամեանը IUSY-ի փոխնախագահ է։

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ

27․02․2024թ․