Գաթայի Պատմութիւնը․ Բացայայտումներ Սիրուած Քաղցրաւենիքի Մասին
Չափազանցութիւն պիտի չըլլայ, եթէ ըսենք, որ գաթան սիրուած ու շատ յաճախ պատրաստուող հրուշակեղէն ըլլալէ բացի՝ նաեւ կը բացայայտէ մեր աւանդոյթներն ու պատմութեան իւրայատուկ դրուագները։
«Գաթա» բառի ծագման առեղծուածը
Գաթայի հետ կապուած ամենաբարդ հարցերէն մէկը բառի ստուգաբանութիւնը պարզելն է։ Կան վարկածներ, սակայն «գաթա» բառի ճշգրիտ ծագման հետ կապուած հարցը դեռ կը մնայ բաց։
Առաջին անգամ գաթայի մասին յիշատակած է Վարդան Այգեկցին իր «Խոզը եւ գաթան» առակին մէջ։
Պատմաբան Հասմիկ Հմայակեան կը նշէ, որ ակնյայտ է՝ գաթան լայն կիրառութիւն ունեցած է ծիսատօնական համակարգի մէջ, սակայն հին մատենագրութեան մէջ չկան վերջինիս մասին յիշատակութիւններ։
Ժամանակին բառի հնարաւոր ստուգաբանութիւններէն մէկը «կաթ»-ն էր, որ ակադեմիկոս Հրաչեայ Աճառեանը հերքեց իր աշխատութիւններէն մէկուն մէջ։
Գաթան կը նմանցնէին նաեւ ֆրանսերէն “gâteau” (թարգմանաբար կը նշանակէ թխուածք) բառին, որ ամենայն հաւանականութեամբ պատահական համընկնում է։
Ըստ պատմաբանի՝ մեռած լեզուներէն մէկուն մէջ՝ խեթերէնի, որմով խօսած են հայկական լեռնաշխարհի շրջակայ տարածքներուն մէջ ապրող ժողովուրդները, կար «գատայի» բառը, որ գաղափարագրով կը նշանակէ հաց:
Պատմաբանի խօսքով՝ խեթական սեպագիր արձանագրութիւններուն մէջ յիշատակուած է 130-է աւելի հացատեսակներու մասին: Անոնց, ինչպէս նաեւ մեր ու աշխարհի բազմաթիւ ժողովուրդներու տօնածիսական համակարգին մէջ հացը ունէր շատ կարեւոր նշանակութիւն:
Այսպիսով, շատ հնարաւոր է, որ «գաթա» բառը փոխառուած է խեթերէնէ, սակայն անկասկած է, որ հնագոյն երեւոյթ է եւ ունի ծիսական արմատներ։
Գաթայի հետ կապուած հաւատալիքներն ու աւանդոյթները
Գաթա պատրաստած են եւ մինչ օրս ալ կը պատրաստեն գրեթէ բոլոր տօներուն։ Հին ատեններէ ի վեր անիկա զարդարած է նշանտուքի, հարսանիքի, Նոր տարուան, Բարեկենդանի եւ շատ այլ տօներու սեղանները։
Ժամանակին անիկա պատրաստած են մեղրով ու խաղողի ռուպով, իսկ այժմ առաւելապէս կ՝օգտագործուի շաքարը։ Գաթայի բազմաթիւ տարատեսակները ունեցած են տարբեր ձեւեր ու չափեր՝ իւրաքանչիւրը իր իմաստով ու կիրառութեամբ։
Օրինակ՝ Սեբաստիոյ մէջ նշանտուքէն ետք՝ մինչեւ հարսանիք ինկած ժամակահատուածը, փեսայի կողմէն հարսի տուն կ՝ուղարկուէր մեծ փախլաւա, որուն վրայ կը դրուէր քանի մը փոքր գաթա՝ իբրեւ ապագայ երջանիկ ընտանիքի եւ քաղցրութեան խորհրդանիշ։
Գաթայի հետ կապուած իւրայատուկ աւանդոյթ կար նաեւ Նոր Նախիջեւանի մէջ, ուր միշտ հետեւողական էին ազգային արժէքներուն հանդէպ։ Այստեղ կը թխէին յատուկ գաթա, որ կը կոչուէր Թել գաթա (անուան ծագումը ամենայն հաւանականութեամբ կը վերաբերի խմորի բաղադրութեան)։
Հարսանիքէն քանի մը օր առաջ կը հաւաքէին մեծ պարկերով ալիւր, շաքար եւ իւղ, կը կանչէին բարեկամ եւ հարեւան կանանց, որ բոլորը միասին թխեն գաթան:
Ամէն մէկը կու գար իր գրտնակով եւ կը մասնակցէր գաթայի թխման ընթացքին։
Իսկ երբ անիկա արդէն պատրաստ էր, փեսայի բարեկամ երիտասարդ տղաները գաթաները կը տեղաւորէին խուրջիններու մէջ, ձիեր կը հեծնէին ու հերթով կ՝այցելէին հարազատներու տուներ եւ նման գեղեցիկ ու խորհրդանշական ձեւով կը հրաւիրէին հարսանիքին:
Կարելի է ըսել, որ այս ձեւով գաթան կը փոխարինէր մերօրեայ հրաւիրատոմսը:
Գաթայի հետ կապուած հնագոյն աւանդոյթներ կային նաեւ Վանի մէջ։ Հարսանիքէն առաջ, այն մեծ տաշտի շուրջ, ուր պէտք է պատրաստուէր գաթայի խմորը, մոմեր կը վառէին։ Ասիկա հնագոյն ծիսական արմատներ ունեցող արարողութիւն է, որ վերաիմաստաւորուած է եւ յետագային մեկնաբանուած իբրեւ հարսի՝ մոմի պէս միշտ վառ ըլլալու խորհրդանիշ։
Գաթան անպակաս էր նաեւ Նոր տարուան սեղանէն։ Պատմաբանի խօսքով Նոր տարիին կլոր գաթա թխելը եւ անոր մէջ մատանի կամ մետաղադրամ դնելը բաւական տարածուած էր Գիւմրիի մէջ։
Կը համարուէր, որ ընտանիքի այն անդամը, որուն բաժին կը հասնէր մետաղադրամը կամ մատանին պահող գաթային կտորը, պիտի ունենար յաջողակ տարի։ Իսկ տուեալ իրը ան իր մօտ պէտք է պահեր ողջ տարուան ընթացքին։
Այս սովորոյթը տարածուած էր նաեւ Հին Երեւանի մէջ: Իբրեւ տարուան ամիսներու խորհրդանիշ՝ գաթան կը կտրէին 12 մասի եւ կը բաժնէին ընտանիքի անդամներուն։
Ամանորին տարածուած էր նաեւ փոքրիկ գաթաներ թխելու սովորոյթը։ Այդ գաթաներուն մէջ փոս կ՝ընէին եւ կու տային երեխաներուն: Անոնք ադոնց մէջ ցորենի հատիկներ կը լեցնէին եւ գաթաները կը դնէին տան տանիքը, որ թռչունները գան կտցահարեն:
Շատ հետաքրքրական է, որ գաթան կիրառուած է նաեւ բուժական նպատակներով։
Երբ երեխան ուշ կը քալէր, մայրը կը թխէր կլոր գաթա, միջուկը կը հանէր, գաթան երեխայի ոտքերուն կ՝անցնէր, միւս գաթաները կու տար երեխաներուն, որ վերցնեն ու վազեն, որ չքայլող երեխան տեսնէ եւ ինքն ալ ուզէ վազել անոնց ետեւէն:
Ի հարկէ, ասոնք գաթայի հետ կապուած աւանդոյթներու եւ հաւատալիքներու փոքր մասն են միայն, որոնք, սակայն, կը փաստեն՝ գաթան ունեցած է յաջողութեան, բարեկեցութեան, երջանկութեան, քաղցրութեան, հիւանդութիւններէ բուժելու, առատութեան խորհուրդ։
Պատահական չէ, որ կ՝ըսեն՝ «տատը ամէն օր գաթա չի թխեր» կամ «պապը ամէն օր գաթա չուտեր»՝ այսինքն ամէն անգամ յաջողութիւն չըլլար։
Գաթայի վրայի նախշերուն խորհուրդը
Որքան առանձնայատուկ ու հետաքրքրական են գաթայի հետ կապուած աւանդոյթներն ու հաւատալիքները, նոյնքան ալ հետաքրքրական է գաթայի նախշազարդումը, որ ունի իւրայատուկ խորհուրդ։
Գաթայի վրայի նախշերը ըրած են յատուկ գործիքի՝ գաթանախշիչի օգնութեամբ, որ մասնաւորապէս պատրաստուած է փայտէ եւ կաւէ։
Յաճախ հանդիպող նշաններէն եղած են երկնային լուսատուներու պատկերները, որոնք կապուած են լուսնային կամ արեւային պաշտամունքի հետ։ Քրիստոնէական շրջանին առաւել գերակշռող կը դառնայ խաչի նշանը։
Շատ յաճախ թխուած է կլոր ձեւ ունեցող գաթա, որ խորհրդանշած է տարին։
Կայ նաեւ վարկած, որ տարբեր ընտանեկան տոհմեր ունեցած են իրենց առանձնայատուկ նշաններով գաթանախշիչներ եւ երբ տօներու ժամանակ փոխանակուած են գաթաներով, հնարաւոր եղած է պարզել, թէ որ գաթան որ տոհմինն է եւ համէն դատելով՝ ընտրած են ապագայ հարսը, որ ենթադրաբար չափազանցութիւն է։
Այժմ Հայաստանի փայտարուեստի թանգարանին մէջ կը պահպանուին գաթանախշիչներու նմուշներ։
Նիւթը՝ foody.am/blog-էն
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ԵՌԱԳՈՅՆ-ը