Ախալքալաքի Երիտասարդական Կեդրոնէն Ներս՝ Մայրենիի Օրուան Նուիրաուած Ձեռնարկ

Սփիւռք

Ախալքալաքի Երիտասարդական կրթամշակութային կեդրոնին մէջ իրականացաւ «Մայրենին սրբութիւն սրբոց» խորագիրով կլոր սեղան–քննարկում՝ նուիրուած Մայրենիի միջազգային օրուան։ Կլոր սեղան-քննարկման ներկայացուած թեմաները կը վերաբերէին հայ գիրերու գիւտին, Մաշտոց-Հայերէնի առաջին ուսուցչին։ Մայրենին իբրեւ ազգային ինքնաճանաչման ու ինքնահաստատման գործօնի, անաղարտ պահելու համար անհատի պարտականութեան մասին եւ խորագիրին համապատասխան այլ հարցեր։ Այս մասին կը հաղորդուի Ախալքալաքի Երիտասարդական կեդրոնի պաշտօնական էջով:  

«Կլոր սեղանին կը մասնակցէին Ախալքալաքի եւ Նինոծմինդայի ԵԿ-ներու Հայոց պատմութեան խմբակներու աշխոյժ սաներ, ինչպէս նաեւ Ախալքալաքի շրջանի քանի մը հանրային դպրոցներէ տասներկու լաւագոյն աշակերտ։

Ձեռնարկը սկսաւ Վրաստանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական օրհներգերով, որուն յաջորդեց Ախալքալաքի ԵԿ-ի երգչախումբին կողմէ «Հայր մեր»-ի կատարումը։ ԵԿ-ի պատասխանատու Կարինէ Թադեւոսեան իր բացման խօսքով ողջունեց հիւրերը, կլոր սեղանի մասնակիցները, բոլոր ներկաները։ Ան ներկայացուց Մայրենիի միջազգային օրուան խորհուրդը, կազմակերպուած կլոր սեղան-քննարկման նպատակը՝ հայ երեխան հայրենասիրական ոգիով դաստիարակելու գործին մէջ մայրենի լեզուի, գրականութեան, հայոց պատմութեան խոր ուսումնասիրման դերի բարձրացումը, նպաստել անոնց գիտելիքներու ստուգման, աշխարհընկալման, բանաւոր խօսքի զարգացման։

Ներկաներուն իր ողջոյնի եւ Մայրենիի նկատմամբ մեծ սիրոյ ու հոգատարութեան խորհուրդի խօսքը յղեց Ախալքալաքի Սուրբ/Խաչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժանապատիւ Տէր Նարեկ քահանայ Տիգրանեան։ Քննարկումը անցաւ մասնակիցներու շատ աշխոյժ, խելացի, տարաբնոյթ մտքերու արտայայտման, մեկնաբանութեան մթնոլորտի մէջ։ Անոնք անկաշկանդ ու ազատ էին իրենց կարծիքները արտայայտելու եւ դիմացինի կարծիքը չընդունելու, քննադատելու գործին մէջ։ Շատ հարցերու մեկնաբանութեան կը մասնակցէին նաեւ տարբեր դպրոցներէ ժամանած Հայոց լեզուի մանկավարժները։ Կլոր–սեղանի քննարկումը կը վարէին Ախալքալաքի եւ Նինոծմինդայի ԵԿ-ներու Հայոց պատմութեան ուսուցչուհիները՝ Նարինէ Բդոյեան եւ Սիւզան Այվազեան։

ԵԿ-ի պատասխանատու Կ․ Թադեւոսեան իր եզրափակիչ ելոյթով յայտնեց գոհունակութիւնը կլոր սեղան-քննարկման ընթացքին, որ ծառայելով իր նպատակին, տուաւ իր ցանկալի արդիւնքը։ Ան շնորհալաութիւն յայտնեց հիւրերուն, բոլոր ներկաներուն՝ իրենց աշխոյժ մասնակցութեան համար»,- նշուած է տեղեկատուութեան մէջ: