Մենք Կրնանք Մարզել Համբերութիւնը, Կարեկցանքը, Բարութիւնը․ Կեանքի Դասեր

Այլեւայլ

-Առանց ջանքերու ոչ մէկ յաջողութիւն հնարաւոր է։ «Ընտրեցէք ձեզի համար հաճելի աշխատանք ու կեանքին մէջ ոչ մէկ օր ստիպուած պիտի ըլլաք աշխատելու»:

Հանրայայտ այս արտայայտութիւնը գեղեցիկ կը հնչէ, բայց յարմար չէ ժամանակակից կեանքին համար: Ապրիլ, զբաղելով միայն սիրած աշխատանքով, այնքան ալ դիւրին չէ, ինչպէս կը թուի: Բաւական է շուրջը նայինք ու պիտի հասկնանք, որ մարդիկ, որոնք իրենց նախասիրութիւնը աշխատանքի
վերածելու հնարաւորութիւն ունին, շատ քիչ են: Ոչ թէ որովհետեւ անոնք ցանկութիւն կամ բաւականաչափ խելք չունին, այլ որովհետեւ աւելի դժուար է ապրուստ վաստակիլըլլալով ազատ նկարիչ, երաժիշտ կամ մարզիկ, քան եթէ հաշուապահ կամ գործավար: Անոնք, որոնք կրցած են իրականացնել իրենց երազանքը, երջանիկ մարդիկ են: Բայց ատոր համար տաղանդաւոր մարզիկները, գործարարները կամ դերասանները կը չարչարուին մանկութեան տարիներէն: Եթէ կ՝ուզէք ձեր նախասիրութիւնը կեանքի վերածել, ժամանակ մի վատնէք որեւէ այլ բանի վրայ, մշտապէս մարզեցէք ձեր հմտութիւնները եւ դարձէք լաւագոյնը:

-Բարկութեան ետին միշտ քօղարկուած է վախը։ Ինչպէս կ՝ըսէր իմաստուն Եոտան «վախը կը բանայ ճանապարհ դէպի Մութ կողմը: Վախը կը ծնի բարկութիւն, բարկութիւնը կը ծնի ատելութիւն, ատելութիւնն ալ տառապանքներու երաշխիքն է...»։

Երբ մենք կը տառապինք, մեզի կը թուի, թէ այդ տառապանքին պատճառը որեւէ բան է, կամ ոեւէ մէկը, բայց՝ ոչ մենք: Եւ միայն յաղթահարելով այդ զգացողութիւնը, մենք կը գիտակցինք, որ միայն մեր մէջ է բարկութեան պատճառը: Աղբիւրը միշտ վախն է կորսնցնել այն, ինչ մենք կը սիրենք,
խոցելիութեան, անյայտի վախը: Եթէ կը յաջողիք գիտակցիլ ասիկա, դուք պիտի կարենաք յաղթահարել ձեր բացասական զգացմունքները:

-Մեր սովորութիւնները մեր ապագան են։ Այն ինչ դուք այսօր կ՝ընէք, դուք վաղն ալ պիտի ընէք: Մեր ապագայ «ես»-ը այսօրուան փոքր սովորութիւններու եւ ամենօրեայ գործողութիւններու արդիւնքն է: Եթէ ամէն օր՝ մէկ շաբթուան ընթացքին՝ կրկնէք նոյնը, դուք պիտի տեսնէք չնչին տարբերութիւն: Եթէ մէկ ամիս շարունակէք թեթեւ փոփոխութիւն պիտի տեսնէք: Բայց եթէ գործողութիւնները սովորութիւն դարձնէք ու կրկնէք մէկ, երկու, հինգ տարի
դուք ձեզի պիտի չճանչնաք: Դուք բարձունքներու պիտի հասնիք տուեալ ոլորտին մէջ: Ատոր համար ալ երբեք մի թերագնահատէք փոքր քայլերու ուժը, նոյնիսկ եթէ վայրկենական արդիւնք չէք տեսներ:

-Զգացմունքները նոյնպէս պէտք է մարզել։ Մենք կը զբաղինք ֆութպոլով, կը սերտենք անոր վերաբերեալ մանրամասները, երբեմն ալ կը մարզենք ճմռթուած թուղթը ուղիղ աղբամանի մէջ նետելու հմտութիւնը: Բայց մեր զգացմունքներն ալ մարզելու կարիք ունին: Մենք կրնանք մարզել համբերութիւնը, կարեկցանքը, բարութիւնը, նաեւ կատակելու եւ ինքնահեգնանքի զգացմունքը, սէրը, քնքշութիւնը ու շատ այլ զգացմունքներ: Մենք իտէալական չենք ծնիր, նաեւ չենք ծնիր մարդկային բոլոր թերութիւններով: Մեր բնաւորութիւնը ներքինի չէ, անիկա կը
ձեւաւորուի կեանքի ընթացքին, մենք կը կարենանք օրէ օր աւելի լաւ դառնալ, եթէ ի հարկէ ատոր համար ջանքեր գործադրենք:

-Աստուծոյ վրայ յոյսդ դիր, բայց դուն ալ մի ծուլանար։ Կեանքի մէջ ոչ ոք մեզի ոչինչ
պարտական է, նոյնիսկ ծնողներն ու զուգընկերները պէտք չէ ապրին յանուն մեզի: Ոչ ոք մեր մասին կը մտածէ, բացի մեզմէ, ու ատիկա բնական է: Հոյակապ է, եթէ կայ մարդ, որուն կարելի է ապաւինիլ բարդ իրավիճակներու ժամանակ: Բայց պէտք չէ յոյսը դնել պատահականութեան կամ ընկերներու օգնութեան վրայ: Կարելի չէ ուրիշներուն վրայ բարդել ձեր սեփական խնդիրներուն համար պատասխանատւութիւնը: