Հայկական Ընտանիքներուն Մէջ Սերունդէ Սերունդ Փոխանցուած Ուտեստը՝ Հարիսան

Այլեւայլ, Հայաստան, Սփիւռք

Հարիսա բառը ծագած է հարել (խառնել) բառէն։ Ըստ Խրիմեան Հայրիկի պատմած աւանդոյթին՝ Գրիգոր Լուսաւորիչ Խոր Վիրապէն դուրս գալէն ետք, Վաղարշապատի մէջ 60 օր քարոզած է հեթանոսներուն, ապա ցանկացած է աղքատներուն ճաշ տալ։ Եզ ու ոչխար մորթած են, միսը լեցուցած կաթսաները, կորկոտան (ձաւարն) ալ վրան։ Լուսաւորչի՝ «հարէք զսա» հրամանով ջլապինդ  կտրիճները խառնած են կաթսային մէջ եղած միսն ու ձաւարը։ Այդտեղէն ալ կերակուրին անունը մնացած է հարիսա։

Ժամանակի ընթացքին հարիսայի պատրաստման եղանակը զարգացած է։ Մեր օրերուն այս ուտեստը սովորաբար կը պատրաստուի ծեծած ցորենն ու հաւը կամ միսը միասին խաշելով այնքան ժամանակ մինչեւ փափկանան։ Ճաշատեսակը յաճախ կը համեմեն աղով, պղպեղով եւ քիմիոնով՝ ըստ ճաշակի, ամենավերջը աւելցնելով հալած կարագ։

Հարիսան Մուսալեռցիներուն համար ունի պատմական անցեալ եւ խորհուրդ։ Մուսա Լերան հերոսամարտին ընթացքին՝ պաշարուած Մուսալեռցիները ունեցած են ցորեն ու այծի միս եւ անոնցմով պատրաստած են իրենց կերակուրը։ Հարիսան եղած է անոնց հիմնական սնունդը ու կենսական նշանակութիւն ունեցած է անոնց համար։

Բացի համեղ ուտեստ ըլլալէ՝ հարիսան նաեւ հայկական մշակութային ժառանգութեան կարեւոր մէկ մասն է: Անիկա յաճախ կը մատուցուի կրօնական տօներուն եւ յատուկ առիթներու ժամանակ, ինչպէս՝ հարսանիքներու եւ կնունքներու: Շատեր զայն կը համարեն միասնութեան եւ համախմբման խորհրդանիշ, դարերու ընթացքին անիկա եփած են մեր պապերը, պապերու պապերը եւ այսպէս շարունակ։

Հարիսան կը դասուի զօրաց ուտելիքներու շարքին: Հին ատեն հարիսայի պատրաստումը ընդունուած եղած է իբրեւ զոհամատուցման արարողութիւն: Անիկա ամբողջ գիշերը կ՝եփէին թոնիրի մարմանդ կրակի վրայ, որպէսզի առաւօտեան մատուցէին: Ամանորին պատրաստուող հարիսան կը տարբերէր ամբողջ տարուան ընթացքին պատրաստուող հարիսայէն, որովհետեւ զայն ընդհանրապէս չէին խառներ, որպէսզի տարին հաշտ ու խաղաղ անցնէր:

Բացի իր մշակութային նշանակութենէն, հարիսան յայտնի է նաեւ առողջութեան համար օգտակար յատկութիւններով: Անիկա հարուստ է սպիտակուցներով եւ մանրաթելերով։

Հարիսան իւրահատուկ եւ համեղ ուտեստ է, որ հայկական խոհանոցին մէջ ունի իր հաստատուն ու կարեւոր տեղը։ Հարիսան իր հարուստ պատմութեան ու մշակութային նշանակութեան շնորհիւ դարձած է աշխարհասփիւռ հայերու սիրելի ուտեստը ։

Հարիսան հայկական ընտանիքներուն մէջ սերնդէ սերունդ փոխանցուած ուտեստ է եւ կը հանդիսանայ հայկական խոհանոցի հիմնական ուտեստներէն մէկը: Անիկա ներծծուած է աւանդոյթներով եւ դարձած է հայ ժողովուրդի միասնութեան եւ մշակութային ինքնութեան խորհրդանիշ:

Նիւթն ու լուսանկարը՝ gatapandok.am-էն

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ԵՌԱԳՈՅՆ-ը