Արուեստի Ցուցահանդէս՝ Թաւրիզի Հայ Համալսարանականներու Միութեան Կազմակերպութեամբ

Սփիւռք

Ատրպատական, ազգային առաջնորդարան, Թաւրիզ

Փետրուար 3-ին, ժամը 17:30-ին, Թաւրիզի Հայ Համալսարանականներու միութեան կեդրոնատեղիին մէջ, հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ՝ Տ. Գրիգոր արք. Չիֆթճեանի, բացումը կատարուեցաւ նկարչական եւ ձեռարուեստի ցուցահանդէսի մը, նուիրուած Իրանի Իսլամական Յեղափոխութեան 45-ամեակին, պատանեկանէն մինչեւ հասուն տարիքի թաւրիզահայ արուեստագէտներու գործերով: Ներկայ էին համայնքի կրթական պատասխանատուներ՝ Թաւրիզի հայոց դպրոցի տեսչուհի Սիլվա Աշըղեանը, ուսուցիչներ եւ արուեստասէրներ:

Սրբազան Հայրը գնահատեց միութեան վարչութեան ջանադիր աշխատանքը, թաւրիզահայ նոր սերունդին մէջ վառ պահելու իրանական հայրենիքին պատկանելիութեան զգացմունքը, եւ զայն շէնցնելու հեռանկարները:

Միութեան վարչութեան նախագահ Վարդան Ենովքեան բացատրութիւն տուաւ ցուցադրուած աշխատանքներուն մասին, իսկ նկարչութեան եւ ձեռարուեստի ուսուցչուհի արուեստագիտուհի Փոլետ Բենոյեան խօսեցաւ երեխաներու հետեւողական աշխատանքին մասին, որմով նախապատրաստած էին սոյն գործերը, ցուցադրելու համար այս առիթով:

Վարչութեան անունով պաշտօնական խօսք ընթերցեց Փաթրիշիա Դանըղեան, վեր հանելով 45-ամեայ Յեղափոխութեան խորհուրդը, եւ ներկաները տեղեկացնելով միութեան կատարած աշխատանքներուն մասին, յատկապէս մատաղ սերունդի դաստիարկութեան գործին մէջ:

Սրբազան Հայրը գնահատեց նաեւ ծնողները, որոնք շաբաթը քանի մը օր յատկացուցած էին արուեստին, իրենց երեխաները առաջնորդելով Համալսարանական միութեան կեդրոնատեղին, դասընթացներուն հետեւելու համար: