ազրպէյճանը Աշտարակը Ներկայացուցած է Որպէս «Արեւմտեան ազրպէյճան»․ Արման Թաթոյեան

Աշխարհ, Հայաստան

ազրպէյճանը Աշտարակը ներկայացուցած է որպէս «Արեւմտեան ազրպէյճան»․ ազրպէյճանը խաղաղութեան մտադրութիւն չունի։ Այս մասին Facebook-ի իր էջին մէջ գրած է ՀՀ նախկին ՄԻՊ, «Թաթոյեան» հիմնադրամի տնօրէն Արման Թաթոյեան։

«Հայաստանի մէջ նոր Սահմանադրութիւն ընդունելու եւ օրէնսդրութիւնը փոխելու օրակարգը ազրպէյճանի իշխանութեան անհրաժեշտ է արցախահայութեան բռնի տեղահանումէն ու Հայաստանի տարածքներու գրաւումղն, իր միւս յանցանքերէն ուշադրութիւն շեղելու ու զանոնք օրինականացնելու համար։

Այս շղարշին ներքոյ ան կը խորացնէ Հայաստանի հանդէպ թշնամանքի ծրագիրը, կը ստեղծէ յարձակման արհեստական հիմքեր։

ազրպէյճանական իշխանական հեռուստաալիքը հերթական հաղորդումը նուիրած է Հայաստանի Աշտարակ քաղաքին, որ իբր անիկա, այսպէս կոչուած, «Արեւմտեան ազրպէյճան»-ն է եւ օղուզ-թիւրքական ցեղերու հայրենիքն է անյիշելի ժամանակներէ։

Ի դէպ, Աշտարակի հետ միասին կ՝իւրացուին նաեւ այդ տարածքին վրայ գտնուող Հայոց վանական համալիրներն ու եկեղեցիները՝ նշելով, թէ իբր անոնք 5-րդ դարու թիւրք-ալպանական յուշարձաններ են։

Իբր հայերը այստեղ բնակեցուած են 1828 թուականէն Ռուսական կայսրութեան կողմէ՝ ռուս-թրքական պատերազմէն ետք։

Իրականուծեան մէջ, այս ծրագիրը յատուկ մշակուած պետական քաղաքականութիւն է։ Անիկա ոչ միայն չէ նուազած, այլ նաեւ անմիջական առաջ կը տարուի։ Ասիկա կը կատարուի թէ՛ ներքին, թէ՛ արտաքին քարոզչութեամբ։

Անհրաժեշտ է բացայայտել ազրպէյճանական կեղծ տուեալները եւ ցոյց տալ, որ ազրպէյճանի իշխանութիւնը խաղաղութեան մտադրութիւն չունի։

Որեւէ պարագայի կարելի չէ թոյլ տալ, որ անոնք թելադրեն իրենց օրակարգն ու օրինականացնեն իրենց յանցանքները եւ զուգահեռ նախապատրաստուին նոր յանցանքներու»,- գրած է Թաթոյեան։