Եւրոպահայութեան Ստուար Հատուած Մը Արցախի Էջը Փակուած Չի Համարեր եւ Վճռական է Շարունակելու Պայքարը․ Յայտարարութիւն

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

«Եւրոպացիները յանուն Արցախի» շարժումը անցեալ շաբաթավերջին Եւրոպայի մէջ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցերէն ետք հրապարակեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.

«Եւրոպացիները յանուն Արցախի» շարժումը 2024 թուականի Յունուար 27-28-ին իրականացուց իր տեսակին մէջ երկրորդ համաեւրոպական համախմբումը` ի պաշտպանութիւն Արցախի ժողովուրդին: Առաջինը` 2023 թուականի Հոկտեմբեր 1-ին Պելճիքայի մայրաքաղաք Պրիւքսէլի եւ եւրոպական 13 քաղաքներու մէջ կազմակերպուած բողոքի համաժամանակեայ ցոյցերն էին:

Այս անգամ, աւելի քան 50 եւրոպական քաղաքներու մէջ կազմակերպուած տարաբնոյթ ձեռնարկներուն միջոցով, «Եւրոպացիները յանուն Արցախի» շարժումը Եւրոպական միութեան, եւրոպական երկիրներու, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի խորհուրդի ղեկավարութենէն կը պահանջէր ցեղային զտման ցեղասպանական քաղաքականութեան համար դատապարտել ազրպէյճանը, պահանջել ազատ արձակել հայ ռամագերիներն ու Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ներկայացուցիչները, զօրակցութիւն յայտնել բռնի տեղահանուած արցախահայութեան, ինչպէս նաեւ պատժամիջոցներ կիրառել պաքուի նկատմամբ:

Եւրոպահայ հարիւրաւոր կազմակերպութիւններ միասնականութեամբ մասնակցեցան կազմակերպուած ձեռնարկներուն: Համայնքային խորհուրդները, եկեղեցական, քաղաքական, բարեգործական, մարզական, երիտասարդական, մշակութային, տեղական եւ համահայկական միութիւնները իրենց կարեւոր դերը ունեցան երկօրեայ ձեռնարկներու յաջողութեան մէջ:

Եւրոպահայութեան այս զօրաշարժին հիմնական նպատակն էր մերժել յուսալքութիւնն ու պարտուողական կեցուածքը, զգաստութեան եւ պայքարի կոչ ուղղել Եւրոպայի եւ առհասարակ աշխարհասփիւռ հայութեան` պաշտպանելու իր շահերը: Հայութեան բազմահազար ներկայացուցիչներու մասնակցութիւնը ցոյց տուաւ, որ եւրոպահայութեան ստուար հատուած մը Արցախի էջը փակուած չի համարեր եւ վճռական է շարունակելու պայքարը:

Կազմակերպուած ձեռնարկները կը ներառէին հաւաքներ, ցոյցեր, իրազեկման գործողութիւններ, մամուլի ասուլիսներ, բարեգործական աշխատանք, դասախօսութիւններ, ժապաւէններու ցուցադրութիւն եւ այլն, որոնց մասնակցութիւն ունեցան նաեւ բազմաթիւ օտար քաղաքական կուսակցութիւններ, խորհրդարանականներ, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու պատասխանատուներ, առհասարակ քաղաքական դէմքեր, ինչպէս նաեւ մեծաթիւ լրագրողներ: Ձեռնարկներու օտար մասնակիցները նոյնպէս արտայայտեցին իրենց պատրաստակամութիւնը շարունակելու պայքարը յանուն արցախահայութեան իրաւունքներու վերականգնման:

Հաւաքներուն ընթացքին ընթերցուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի խմբակցութիւններուն ուղերձը, որմով վերջիններս զօրակցութիւն կը յայտնէին «Եւրոպացիները յանուն Արցախի» շարժման եւ կ՝աւելցնէին. «Այս աղէտալի պայմաններուն մէջ յոյս ներշնչող բացառիկ ազդակներ են» եւ արցախահայութեան անունով «երախտագիտութիւն կը յայտնեն այն հոգատարութեան եւ աջակցելու պատրաստակամութեան համար, որ կը ցուցաբերեն եւրոպական հարիւրաւոր կազմակերպութիւններ` Արցախի օժանդակութեան նպատակին շուրջ օրակարգ ձեւաւորելու մեծածաւալ աշխատանքին միջոցով»:

«Եւրոպացիները յանուն Արցախի» շարժումը պիտի ընդլայնէ իր ցանցը եւ 2023 թուականի Յունիսին իր պահանջներուն միացած եւրոպական 470 կազմակերպութիւններու ցանկին պիտի աւելնան հայկական եւ օտար բազմաթիւ կազմակերպութիւններ: Շուտով հանրութեան պիտի ներկայացուի Եւրոպական Միութեան եւ եւրոպական երկիրներու ղեկավարներուն ուղղուած նոր պահանջագիր եւ անոր միացած հարիւրաւոր կազմակերպութիւններու նոր ցանկ»: